«Ես կ՛առաջարկեմ հիմնել կազմակերպութիւն մը, որուն ծիրին մէջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ մեզ՝ ցեղասպանութենէն վերապրած ազգերու ներկայացուցիչներս եւ բոլոր ապրողները: Եւ կազմակերպութեան նպատակը պիտի ըլլայ յանուն կեանքի իրաւունքի արշաւի եւ նախաձեռնութիւններու կայացումը», ըսած է փորձագէտը:
Ան նկատել տուած է, թէ 1915 թուականը կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբ: Ըստ փորձագէտին՝ այլախոհութեան որեւէ ճնշում հիւանդութիւն է:
«Ես կ՛առաջարկեմ, որ մենք դիմադրենք ցեղասպանութիւններու կրկնութեան։ Այդ համաշխարհային կազմակերպութիւնը, եթէ աշխատի Հայաստանի գլխաւորութեամբ, պիտի համախմբէ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ միջազգային դիրքորոշումը, պիտի օգնէ ցեղասպանութենէն վերապրած բոլոր ազգերուն: Ես Հայաստանին պիտի առաջարկէի գլխաւորել այդ արշաւը, որուն նպատակը մարդկային կեանքի սրբութեան եւ անձեռնմխելիութեան քարոզչութիւնը պիտի ըլլայ: Անհրաժեշտ է բոլորին հասցնել այն պատգամը, որ մարդկային կեանքը արժէքաւոր եւ անձեռնմխելի է: Ասիկա ոչ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մեծ օգուտ պիտի ըլլայ», նշած է փորձագէտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.