Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
100ամեայ պատմական ճշմարտութեան մը՝ Ցեղասպանութեան մասին հաստատում ընող պապը, Եւրոպական Խորհրդարանն ու այլ բեմեր արժանացան Թուրքիոյ սպառնալիքներուն։ Հաւանաբար թուրք պետական մարդիկը պահ մը մինչեւ իսկ մտածեցին պապին յիշեցնել տխրահռչակ Մեհմետ Ալի Ակչա անունը։ Ի վերջոյ, թուրք պետութեան ոճրածին տրամաբանութիւնը նման բաներէ չի խորշիր։
Աշխարհը, եթէ յիշողութեան տկարութեան ախտէ չի տառապիր, հաւանաբար կրնայ վերյիշել, թէ Թուրքիոյ նախկին վարչապետներ ու զինուորական հրամանատարներ ինչպիսի՜ հակազդեցութիւններ ունեցած են, յաճախ՝ ծիծաղելի ըլլալու գնով, ամէն անգամ որ երկիր մը կամ միջազգային համախմբում մը յարած է Ցեղասպանութիւնը յուշող ճշմարտութեան լոյսին։ Դիւանագիտական ներկայացուցիչի տուն դարձը կամ առեւտրական-զինուորական գործակցութեան խզման սպառնալիքները (չմոռնանք նաեւ օրուան վարչապետ Էճեւիտի՝ «Ռընօ» ինքնաշարժէն հրաժարելու պատմակա՜ն որոշումը) թաքուն ծիծաղներ տարածած են Ֆրասնայէն մինչեւ եւրոպական այլ երկիրներ, կտրած են ովկիանոսներ, իբրեւ թէ պատանդ բռնելով Ուաշինկթընն ու անոր մէկ քանի դաշնակիցները։ Վաղը, Ա. Աշխարհամարտի օրերու գլխաւոր դաշնակիցը՝ Գերմանիան ալ կրնայ թիրախ դառնալ…
Եթէ Թուրքիա ծիծաղելի դառնալու մէջ օգնութեան պէտք չունի, այլ կրնայ առանձինն գլուխ հանել այդ «սխրագործութիւնը», անդին, ան սկսած է ծիծաղելիութեամբ վարակելու իր կարգ մը բարեկամները։ Նորագոյն առիթը՝ Կալիփոլիի ճակատամարտին ոգեկոչումը 24 Ապրիլին կատարելու որոշումն էր, որ Թուրքիոյ չափ, նոյնիսկ իրմէ աւելի՛ ծիծաղելի դարձուց քանի մը երկիրներ։ Երբեմնի հզօ՜ր Անգլիոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ, որ իր կայսրութեան խորհրդանիշը հանդիսացող անձնաւորութիւն մը մասնակից դառնայ ժամանակաւոր յաղթանակ մը ոգեկոչելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան, երբ նոյն այդ ճակատամարտը աղէտալի եղած է Անգլիոյ ու դաշնակիցներուն համար։ Հաւանաբար հեքիաթագիրը անգլիացի թագակիր մը ի մտի ունէր, երբ կը գրէր իր մերկութիւնը չտեսնող թագաւորի մը մասին…
Մէկ բան յստակ է. մեր երթը նոր յաղթանակներ կ՛արձանագէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ Թուրքիա կ՛ենթարկուի աղաղակող պարտութիւններու եւ դատապարտանքի։ «Հիւանդ Մարդ»ուն այսօրուան ժառանգորդները չեն կրնար խուասափիլ չէքմէյթէն, որովհետեւ անոնց ոճիրներուն կրկնութիւնները՝ Միջին Արեւելքի տարածքին, հաւասարապէս պիտի քողազերծէ Թուրքիոյ պետութեան տգեղ դիմագիծը։
Ու մենք ճիգ պիտի չխնայենք այդ բացայայտումը կատարելու համար։