ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».¬ Ղարաբաղեան¬ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան (Սեյսուլան) ուղղութեամբ 20 Ապրիլէն 21 Ապրիլ լուսցող առաւօտեան ժամը 05:15ի շուրջ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական¬ներթափանցման հերթական փորձի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ուժերը ժամանակին յայտնաբերելով ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի յառաջխաղացքը, անցած են շրջանաձեւ պաշտպանութեան եւ մերձամարտի բռնուած անոր հետ: «Շուրջ քառորդ ժամ տեւած մարտերի արդիւնքում հակառակորդը դէպքի վայրում է թողել արեան բազմաթիւ հետքեր, 5 հատ նռնակի մասեր, ՎՈԳ-25ի մէկ արկ, 5 դատարկ պահունակ, յատուկ դիպուկահար հրացանի («Վինտարեզի») 1 պահունակ` 4 փամփուշտով, կապի համար նախատեսուած 1 կոճ, բժշկական ասեղներ, տարբեր տրամաչափի բազմաթիւ պարկուճներ եւ ճողոպրել իր ելման դիրքերը», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու՝ ատրպէյճանական կողմը մարտի ընթացքին կորսնցուցած է առնուազն մէկ զինուոր եւ ունեցած է քանի մը վիրաւորներ: Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ուժերը կորուստներ չեն ունեցած։ Միջադէպին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն։