Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ խորհրդակցութեանց աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացկին, Աֆղանիստանի նախագահը շեշտեց շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Ապրիլ 18ին, արեւելեան Աֆղանիստանի Ճալալապատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը զոհ գացին առնուազն 34 հոգի ու վիրաւորուեցան 100է աւելի ուրիշներ։ Յարձակումին պատասխանատուն նկատուեցաւ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։
«Երկկողմանի, եռակողմանի թէ շրջանային գործակցութեան ընդլայնումը խիստ կարեւոր է դիմակալելու համար ահաբեկչութեան իսկական վտանգը՝ իր տարբեր երեսներով», ըսաւ նախագահ Ղանի՝ նշելով, որ իր այս այցելութեան ընթացքին քննած է աֆղան գաղթականներու տունդարձի քայլերն ու ահաբեկչութեան եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ միացեալ պայքարը: «Այս այցելութիւնը Իրանի եւ Աֆղանիստանի յարաբերութեանց մէջ նոր հանգրուանի մը սկիզբը պիտի ըլլայ», ըսաւ Ղանի, որ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Իրանի գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամանէիի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.