Ծերակուտական Քրուզի այս յայտարարութիւնը ընթերցուեցաւ Շաբաթ, 18 Ապրիլին, Թեքսասի նահանգի մայրաքաղաք Օսթընի նահանգապետարանի աստիճաններուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Թեքսասի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպած քայլարշաւին ընթացքին, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Նամակը յղուած էր Օսթընի հայկական եկեղեցիի անդամներուն:
«Ծերակուտական Քրուզ ճիշդ հունի վրայ է: Իբրեւ ամերիկացիներ, մենք չենք կրնար լուռ մնալ: Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը բարձրաձայնենք: Ծերակուտականի յայտարարութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ամերիկեան իշխանութիւններուն վրայ թրքական ճնշումներու ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ լռութեան պատ քաշելու քաղաքականութեան վրայ եւ նախագահ Օպամային առջեւ յստակօրէն կը պարզէ ճշմարիտ ընտրութիւնը՝ մերժել թրքական վեթօն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր պետութեան քաղաքականութեան վրայ», յայտարարեց Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.