«USA Սապահ» թերթի ելեկտրոնային կայքը, Հինգշաբթի Ապրիլ 16ին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայկական քարոզչութեան դէմ կատարուած աշխատանքներէն մէկուն:
Թերթին համամաձայն՝ Factcheckarmenia.com կայքը «Ցեղասպանութեան պնդումներուն հետ առնչուող թէզերուն մէկ առ մէկ կը պատասխանէ» եւ հոն տեղադրուած «վիտէօ»երիզներն ալ մանրամասնութեամբ կը բացատրեն այս խնդիրին հանդէպ Թուրքիոյ մօտեցումերը:
Կեդրոնը Պոլիս գտնուող Turkic Platform անունով կազմակերպութիւնը այս կայքի ծանօթացման զուգահեռ, նախաձեռնած է քարոզչական արշաւի թէ՛ համացանցի եւ թէ Նիւ Եորք քաղաքի «սիրտին» մէջ: Անոնք, Թայմզ Սքուէրի տարածքին տեղադրուելիք պաստառներով եւ «տիճիթըլ» ծանուցումներով, պիտի աշխատին վերոնշեալ կայքէջը ծանօթացնել եւ փոխանցել այն ուղերձը, որ «յառաջիկայ 100 տարիներուն Թուրքիան եւ Հայաստանը միասին պէտք է աշխատին եւ թէ հայերը պէտք է փոխեն իրենց մօտեցումը»:
Կազմակերպութիւնը կ՛ակնկալէ, որ այս ծանուցումը մէկ միլիոն մարդու ուշադրութիւնը գրաւէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.