ԵՐԵՒԱՆ, «Արմետիա».- Սպանիոյ ինքնավար մարզերէն մէկը հանդիսացող Պասքերու Երկիրի խորհրդարանը Ապրիլ 16ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, կը հաղորդէ Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը:
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ, համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպանդի ու տեղահանութեան ենթարկուած է աւելի քան 1.5 միլիոն հայ, եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենահրէշային ցեղասպանութիւններէն մէկն է:
Պասքերու խորհրդարանի անդամները նաեւ նշած են, որ հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միանալով միջազգային հանրութեան, Պասքերու խորհրդարանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
usa must recognize the Armenian GENOCIDE committed by the ottoman empire in 1915 plus the turkish government of today also must recognize the Armenian GENOCIDE which their ancestors committed against the armenian peopl thus killing one and half million armenians and this huge crime still goes unpunished for a hundred years !!! the turkish government and usa congress should be ashamed of their denial of the first genocide of this century , i spit on you eh tu
april 17,2015