ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, Ապրիլ 4ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիները ապրեցան Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակի ուրախ մթնոլորտը, երբ Ճրագալոյցի Ս. պատարագի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ստացան Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը եւ խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան լուսաւորելու իրենց յարկերը:
Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, այդ օրը կրկնակի ուրախութեան առիթ էր, որովհետեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ճրագալոյցի պատարագը մատուցեց եւ ուղղեց պատգամ մը, ապա, կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ կողքին վերջերս վերանորոգուած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին:
Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ «Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա, փախեան ատելիք նորա յերեսաց նորա» ալէլուքով: Ան ըսաւ. «Քրիստոսը խաչին վրայ տեսնելով, դպիրներն ու փարիսեցիները կարծեցին, թէ յաղթած են, սակայն անոնք կը սխալէին: Երեք օր գերեզմանուելով, Քրիստոս հոգիով իջաւ դժոխք՝ առանց բաժնուելու աստուածութենէն, դժոխքը աւերեց եւ հոգիները ազատեց, իսկ երրորդ օրուան առաւօտուն, երբ իւղաբեր կանայք անոր գերեզմանը այցի գացին, հրեշտակը անոնց աւետեց, որ Ան արդէն յարութիւն առած էր եւ պատուիրեց, որ այս աւետիսը հաղորդեն առաքեալներուն: Թշնամիները փորձեցին անգամ մը եւս աղարտել ճշմարտութիւնը, ըսելով, որ Քրիստոսի առաքեալները գողցած էին անոր մարմինը, սակայն լոյսը կարելի չէ ընդմիշտ քօղարկել, ուրեմն, ճշմարտութիւնը եղաւ վերջնական յաղթանակողը: Տեսնելով յարուցեալ Քրիստոսը՝ աշակերտները քաջալերուեցան ու գօտեպնդուեցան, յիշելով անոր վերջին օրերու խօսքերը, երբ ան ըսած էր. «Քաջալերուեցէք, ես յաղթեցի աշխարհին», ըսաւ առաջնորդը, նկատել տալով, որ այսօր ալ, մենք կը վայելենք նոյն քաջալերանքը, այն հաւատքով, որ Ան տիրած է աշխարհին. մենք ալ կրնանք դիմագրաւել ու յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէները, այնքան ատեն, որ մեր հաւատքը արմատաւորուած է Իր ճշմարտութեան ու Ս. Յարութեան վրայ։
Խօսելով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած պատուհասներուն մասին, շեշտեց, որ հայութեան կեանքն ալ վերջ չգտաւ տառապանքով ու չարչարանքներով, այլ յաղթանակով ու վերածնունդով: Այսօր ալ, մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ, մեզի դէմ գործողներ ու մեզ ընկճել փորձողներ կան, սակայն անոնք պիտի ձախողին, որովհետեւ ճշմարտութիւնը միշտ ալ կ՛ըլլայ վերջին յաղթանակողը: Ուրեմն, եկէք, յաղթական ոգիով գոչենք. «Փառք յարութեան Քո, Տէր։ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի», եզրափակեց առաջնորդը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազանին, որ այս խորհրդաւոր երեկոն ապրած է ծխական համայնքին հետ: Հետեւեցաւ Ճրագալոյցի նաւակատիքի արարողութիւնը, երգուեցաւ «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը, ապա հաւատացեալները Ս. Խորանէն վառուած մոմերով հետեւեցան թափօրին:
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, առաջնորդը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ փակը, ուր կանգնած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանը: Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, վերանորոգութեան ենթարկած էր զայն։ Առաջնորդը կատարեց անոր օրհնութիւնը:
Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Սրբազանն ու նուիրատու ընտանիքը վառեցին առաջին մոմերը: Շրջանի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Կարօ Քիլէճեան եւ յայտարարեց, թէ Թուրքիա 100 տարի առաջ փորձեց Ցեղասպանութեան ճամբով բնաջնջել հայութիւնը, սակայն ձախողեցաւ, իսկ այսօր, այս յուշարձանին առջեւ, կը վերանորոգենք արդարութեան պահանջի մեր երթը:
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան անդամները ներկայացուցին ազգային երգերով ու արտասանութիւններով գեղարուեստական յայատագիր մը:
Յուշահանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս յուշարձանին վերանորոգութիւնն ու օրհնութիւնը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, «երբ համայն հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները եւ կը վերանորոգէ վերապրելու եւ պայքարի երթը շարունակելու ուխտը, այնպէս՝ ինչպէս այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ կերտուած յաղթանակը»:
Առաջնորդը օրհնեց Փոստաճեան ընտանիքը, որուն ազնիւ բարերարութեամբ կանգնած էր այս յուշարձանը, 20 տարի առաջ, երբ ինք շրջանի հոգեւոր հովիւն էր, գնահատեց նաեւ ճարտարապետ Գառնիկ Քէշիշեանը՝ իր ներդրումին համար: Ան նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին ու ծխական համայնքը կ՛ապրին աճ ու զարգացում, երբ տեղի կ՛ունենայ այս յուշարձանի օրհնութիւնը, որ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է հանդէպ մեր նահատակներուն, որոնք մեր եկեղեցւոյ կողմէ շուտով պիտի սրբադասուին: Ան օրհնեց յիշատակը նահատակներուն եւ խօսքը եզրափակեց փառք տալով Քրիստոսի յարութեան համար:
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ սրբազանի օրհնութեան աղօթքով ու «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով:
ԽԹՄԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
«Ղուկասեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր խթումի ընթրիք մը, հիւրընկալութեամբ Ֆերմանեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղին: Հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Սահակ Քէշիշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ եկեղեցւոյ զօրակցողներուն:
Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ Ս. Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց ներկաներուն: Խօսք առաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ Աստուծոյ փառք տալէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ ներկաներուն, տօնական այս երեկոն միասին բոլորելուն եւ զօրակցութեան համար: Ան լուսաբանութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ շրջափակի նորոգութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, ընդգծելով, որ այս բոլորը կը կատարուին ու պիտի կատարուին հաւատացեալներուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, իբրեւ արտայայտութիւն՝ ծխական շրջանի ծաղկումին:
Քաջալերուած մթնոլորտէն, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: