ՓՐԱԿԱ.- Երեքշաբթի Ապրիլ 14ին, Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէն միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ ընդունած է:
Վկայակոչելով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 9 Դեկտեմբեր 1948ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի» մասին ուխտը, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները, բանաձեւը կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը: