ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 14 Ապրիլի երեկոյեան, Լոս Անճելէսի քաղաքի կեդրոնը գտնուող կաթողիկէ «Լէյտի աֆ Էնճէլզ» եկեղեցիին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր գրեթէ բոլոր յարանուանութեանց ղեկավարներուն միացեալ աղօթք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Էքումէնիք այս հաւաքը հիւրընկալող Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզ ողջունեց մեծամասնութեամբ հայերէ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ կազմուած ներկաները եւ անոնց յիշեցուց անցեալ Կիրակի օր, Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս քահանայապետի խօսքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:
Ապա գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որու ընթացքին խօսք առին եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեցին Արեւմտեան զոյգ թեմերու առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, որ յայտնեց իր հպարտութիւնը հայութեան հետ իր սերտ յարաբերութեան համար, պատիւ համարեց Փոքրիկ Հայաստանի ներկայացուցիչի օրերէն հայութեան հետ իր մօտէն աշխատիլը, հիմա, ալ, իբրեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ հաստատեց իր վճռականութիւնը այս քաղաքը զանազան ծրագիրներու ճամբով մօտեցնելու Հայաստանին:
Կարսեթի ամէն տարի Ապրիլ 24ին մասնակցած է Ապրիլեան քայլարշաւներուն: Այս տարի եւս ան պիտի մասնակցի Արդարութեան քայլարշաւին: