ԷՆՍԻՆՕ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 3ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ արարողութեամբ յիշատակուեցաւ Քրիստոսի թաղումը: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն ընթացքին, կատարուեցան Ս. Գրային ընթերցումներ եւ երգուեցան շարականներ, որոնք կը յիշեցնեն Քրիստոսի չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը:
Նախատօնակին ընթացքին, սրբազանը թափօրի ընթացքին օրհնեց բոլոր հաւատացեալները, որմէ ետք արարողութեանց խորհուրդին անդրադարձող պատգամով մը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ յուզիչ շարականներուն ընդմէջէն «մենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք մեզի կեանք տուող, անմահութեան աղբիւր՝ Քրիստոսի, որ մեր մեղքերուն քաւութեան համար յանձն առաւ խաչը բարձրանալ»:
«Յիսուս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ օրինակներով ցոյց տուաւ աստուածահաճոյ կեանքի ուղին, մարդկութիւնը յորդորեց ըլլալու համեստ, ծառայասէր ու նուրիաբերող, իսկ խաչին վրայ իր արտասանած վերջին խօսքերով իսկ գործնական օրինակ մը տուաւ հաւատացեալին, երբ ներեց մինչեւ իսկ զինք չարչարողներուն ու մահուան մատնողներուն: Աւելին, մենք Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ կը տեսնենք իր մարդկային բոլոր յատկութիւններով. ան կրեց ցաւ ու տառապանք, ծարաւը յագեցնելու համար ջուր խնդրեց, ապա նաեւ Իր մօր հոգածութիւնը վստահեցաւ սիրելի աշակերտին, որմէ ետք հոգին յանձնեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն», ըսաւ առաջնորդը։
Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոսի գերեզմանը, որուն շուրջ խմբուած են հաւատացեալները, խորքին մէջ աւարտ մը չէ, այլ կ՛անցնի գերեզմանէն՝ մահէն անդին, որովհետեւ Ս. Յարութիւնը նոր սկիզբ մը կը բնորոշէ հաւատացեալին համար. «Քրիստոսի գերեզմանը հաւատացեալին համար միայն մահուան խորհրդանիշ չէ, այլ մահուան վրայ կեանքին յաղթանակը, որ գերագոյն պարգեւն է մարդկութեան: Ու եթէ մենք պիտի ըլլանք անոնց արժանաւոր ժառանգորդները, ուրեմն պէտք է հաւատքով խոնարհինք այս գերեզմանին առջեւ եւ փառաւորենք Քրիստոսի խաչելութիւնն ու թաղումը, որ կենդանացուցիչ եղաւ հաւատացեալներուս համար։ Իր անմեղ արեան գնով փրկութիւն խնդրենք ու հետեւինք մեր սրբազան հայրերու կեանքերով կերտուած ուղիին, որպէսզի կարենանք բաց սրտով գոչել, թէ մենք եւս Քրիստոսի աշակերտներ ենք», եզրափակեց առաջնորդը:
Արարողութիւնը իր լրումին հասաւ «Խաչի Քո, Քրիստոս» շարականի ծնրադիր երգեցողութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.