La Repubblica-ն կը նշէ, որ այս նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ:
Թերթը կը պատմէ, թէ ինչպէս հսկայական, 2 մեթր 70 սմ. բարձրութեամբ խաչքարը տեղափոխուած է եկեղեցի քաղաքի համապատասխան մասնագէտներու, նախագիծը ղեկավարող ճարտարապետի եւ քաղաքային ոստիկանութեան վերահսկողութեամբ: Այս չափազանց նուրբ գործողութիւնը իրականացնելու համար քանի մը ժամ պահանջուած է:
Retroonline.it իտալական կայքը 20րդ դարու ամենասարսափելի եւ արիւնալի դէպքերուն մասին պատմող յօդուածին մէջ ներկայացուցած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ պատմական տուեալներ ներկայացնելով դէպքերուն մասին:
Կայքը՝ ներկայացնելով Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած վերջին տարիներու քաղաքական իրավիճակը, կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դիւանագիտական զգալի լարուածութիւն յառաջացուցած է Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ, յատկապէս 2012ին, երբ Վատիկանի արխիւի հրապարակած փաստաթուղթերը լեհ գիտնական Մարքօ Եակով օգտագործած է «Արեւելքի Հարցը Հայոց Եղեռնի Տեսանկիւնէն (1894-1897)» աշխատութեան համար:
Notizieitalianews.com «Մեծ Եղեռնէն 100 Տարի Անց. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ այս տարի Մեծ Եղեռնի 100ամեակն է՝ նշելով, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին յիշատակման արարողութիւն տեղի կ՛ունենայ, քանի որ տարբեր պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ այս օրն իսկ սկսած են հետապնդումները, որուն հետեւանքով մէկուկէս միլիոն հայ զոհուած է 1915 թուականին: Կայքը կը ներկայացնէ 1915ի դէպքերը, այնուհետեւ կը խօսի Էլիֆ Շաֆաքի «Սթամպուլի Բիճը» վէպին մասին, որ կը պատմէ Պոլիս ապրող Ասէայի եւ Արիզոնայէն Արմանուշ Չակմախչեանի պատմութիւնը, անոնց միջոցով վեր հանելով անցեալին վերաբերեալ տարբեր պատկերացումներ, որոնք առկայ են հասարակութիւններուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.