Քանյէ Ուեսթի համերգին ընթացքին անոր կատարած անսպասելի քայլին անդրադարձած են միջազգային մամուլն ու լրատուամիջոցները։
«Ան փորձեց քալել ջուրին վրայէն։ Քանիէ Ուեսթ անակնկալի բերաւ հայաստանցի երկրպագուները՝ Երեւանի մէջ տուած յանպատրաստից համերգ տալով լիճին կեդրոնը», գրած է բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» պարբերաթերթը:
Պարբերականը նշած է, որ 21 անգամ «Կրեմմի» շահած Ուեսթ ցատկեց լիճին մէջ՝ անակնկալի բերելով ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան աշխատակիցները, որոնք անմիջապէս կասեցուցին համերգը:
«Լիճին մէջ համերգը քանի մը վայրկեան տեւեց, բայց Քանյէն, անշուշտ, շատ բան տուաւ հայերուն իբրեւ յիշատակ», գրած է «Տէյլի Մէյլ»։
Ամերիկեան հեղինակաւոր «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը եւս անդրադարձած է Ուեսթի այս խենթ քայլին: Հաղորդավարուհին ըսած է, թէ արդէն Ուեսթի արարքներէն չի զարմանար։ Ան ծիծաղով նշած է, որ «Թուիթըր»ի վրայ մարդիկ նոյնիսկ Կարապի լիճին ջուրը կը ծախեն, որովհետեւ Քանյէն լիճին մէջ եղած է:
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ն եւս հրապարակած է Ուեսթի՝ ջուրը ցատկելու տեսանիւթը: «Խենթացած երկրպագուները երեւանեան լիճին մէջ գրոհած են Քանյէ Ուես»չ, դիտել տուած է ռուսական «NTV»ին։
Բրիտանական այլ լրատուամիջոց մը՝ «Սքայ Նիուզ»ը հաղորդած է, թէ Քանյէն արկածախնդրութեան դիմած է՝ հայկական լիճին մէջ աճպարարութիւն ընելով։
«Երբ անվճար համերգը տեղափոխուեցաւ ուղիղ լիճին մէջ, քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ, շատեր ջուրին մէջ շրջապատեցին Քանյէ Ուեսթը», յայտնած է ամերիկեան «Էն. Պի. Սի. Նիուզ»ը։
Քանյէ Ուեսթի ջուրը ցատկելուն արձագանգած է նաեւ անոր զոքանչը՝ Քրիս Ճեննըրը՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ գրելով. «Այո՛, ըրաւ ատիկա։ Իր յանպատրաստից համերգին ժամանակ, «Կուտ լայֆ» երգը մեկնաբանելու ընթացքին Քանյէ Ուեսթը ցատկեց ջուր: Կը սիրեմ այդ տղան»։
Քիմ Քարտաշեան իր կարգին գրած է, որ, թէեւ շատ անհանգիստ էր, բայց անիկա ուղղակի տպաւորիչ եւ խենթ գիշեր էր:
«Այնքան ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ մեր վերջին գիշերը զուարճացանք բոլորս», հաստատած էր ան։
Քիմ Քարտաշեան իր ընտանիքին հետ Երկուշաբթի առաւօտեան աւարտած է Հայաստան տուած իր այցելութիւնը եւ մեկնած է Հայաստանէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.