ՄԻՆՍԿ.- Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Պլումպըրկ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ միասնական դրամանիշի որդեգրումը «այսօրուան հարց չէ, այլ օրակարգի վերջին կէտը պէտք է ըլլայ»։
«Տակաւին այնքան շատ են Եւրասիական տնտեսական միութեան խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որ հարց է, թէ պիտի ապրի՞նք մինչեւ այդ միասնական դրամանիշը», ըսած է ան: Լուքաշենքօ նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք Ռուսիոյ մէկ մասնիկը պիտի չդառնայ, եւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը այդպիսի առաջարկ չէ ըրած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.