ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ՀՈՎՈՒԻ ՄԱՏՈՒՌԻ ՎԵՐԱՕԾՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի մտորումները, գրի առնուած Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ, Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015ին, Մայր Արաքսի իրանեան ափին Հովուի մատուռ անունով ծանօթ 13րդ դարու կառոյց Ս. Անդրէորդի եկեղեցւոյ օծումը կատարելէ անմիջապէս ետք:
Նշենք, թէ օծման սոյն արարողութիւնը սրբազան հօր որոշումով ձօնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, կազմելով թեմէն ներս 2015 թուականին իրականացուելիք նախաձեռնութիւններու առաջինն ու գլխաւորը.
Արաքսի ջուրերուն լացի ձայնը կլկլալով կը հասնէր Հովուի մատուռին շուրջը համախմբուած ժողովուրդի ականջին: Ի՞նչ է այդ ձայնը: Կրնա՞յ ըլլալ որ մարդ մը կը խեղդուի այնտեղ, ջուրերուն խորքը, որ կու լայ վերջին անգամ ըլլալով, հարց կու տայի ես ինծի…
Չէ՜, ատիկա խեղդուող մարդու ողոգալից կանչը չէ, ո՛չ ալ օգնութիւն խնդրող որեւէ ուրիշ աղաղակ, այլ ջարդուփշուր եղած խաչքարերու կտորներով կազմուած դէզի մասնիկներու մէջէն դժուարաւ սահող ջուրերու ալեակներուն կճկճոցն է, որ աւելի նման է հրճուալից ծիծաղի ու խնդութեան ձայնի, քան՝ լացի ու ողբի:
Բայց ինչո՞ւ ուրախանային այդ քարաբեկորները, մանաւանդ մանրուած ու տձեւ իրենց վիճակին մէջ, հին ու փառաւոր մշակոյթէ մնացած իբրեւ յիշատակի մասնիկներ: Չէ՞ որ պէտք է տխրէին անոնք, մանաւանդ որ տակաւին կը զգան իրենց մարմինին վրայ ցաւը մուրճի անխնայ հարուածներու, թխթխացող քարաճաք արդիական գործիքներու, փորող ու քերող բրիչներու ու բահերու, որոնք փշրելով հողէն դուրս կը բերէին դարեր ամբողջ արեւ չտեսած իրենց սպիտակաթոյր ոտքերը: Չէ՞ որ տակաւին իրենց ականջներուն մէջ է խլացուցիչ ձայնը բեռնատարներու, որոնք օրերու վրայ տարածուած ահեղ դղրդիւններով կը լեցուէին Արաքսի խաղաղ հովիտին մէջ խառն ի խուռն դիակներովը իրենց, երբ փշրուած խաչի աջ թեւը չէր ճանաչար ձախին, ո՛չ ալ գլուխի թագը՝ սուրբ ոտքին:
Ծեր ու երիտասարդ խաչքարե՜ր…
Նուրբ ու հաստանիստ խաչքարե՜ր…
Հասակաւոր ու կոլոտ խաչքարե՜ր…
Դեղնաւուն ու մամռապատ խաչքարե՜ր…
Կքած ու տապալած խաչքարե՜ր…
Ափսո՜ս, որ թշնամին ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ ձեր միջեւ, նման իր ցեղակիցին, որ 100 տարիներ առաջ տարիքի, սեռի, գոյնի, խաւի ու հանգամանքի բոլոր տարբերութիւնները մոռցած, սուրը ճօճեց բոլորի գլուխին վերեւ, եւ արեան բաղնիք քաշեց տարաւ բոլորը, առանց բացառութեան:
Ձեզի նման, անոնց շարքերուն մէջ ալ կային տարեց պապիկներ ու մամիկներ, նրբամարմին հարսեր ու կոյս աղջիկներ, բարձրահասակ ու թիկնեղ հայրեր ու տղաներ, լուսադէմ գեղուհիներ ու թաւամազ հերոս քաջորդիներ, եւ ի վերջոյ հիւանդ ու վատոյժ եւ անկողնոյ ծառայող մարդիկ: Սակայն անոնք բոլորն ալ կոտորուեցան, հաւաքաբար, վայրի ցիռերու ու անտառի խոզերու սուր ժանիքներով զինուած կլափներուն մէջ ծամուելով եւ դէպի անոնց անսուաղ որովայնը կուլ տրուելով:
Նոյնը չպատահեցա՞ւ ձեզի: Ո՜հ քարեր… բեկորներ ցեղիս սուրբ արուեստին: Խօսեցէ՛ք, պատմեցէ՛ք: 100 տարի առաջ պատահածին ականատեսները չկան այլեւս: Անոնց փոխարէն պահանջատէր իրենց զաւակները կը վկայեն հիմա: Բայց դուք ունի՛ք լեզու, կրնա՛ք պատմել… Դուք դարերու ընթացքին բիւրաւոր անհաւատներուն քարերու լեզուո՛վ հաւատք ուսուցեր էք, ձեր նրբադէմ բայց կոպիտ մարմինով՝ կարծրացած հոգիներու տխեղծ դէմքը շպարեր ու փափկացուցեր, անտաշ սիրտերը դարբինի հզօր բազուկով յղկեր եւ ոսկեայ սկուտեղով մատուցեր էք Ամենակալին…
Այո՛, ցա՛ւը պապանձուցեր է ձեզ: Մանաւանդ ա՛յն ցաւը, որ այսքան մօտիկ ըլլալով, մենք՝ Ատրպատականի մէջ ապրող հայերս, չկրցանք ձեզի գրկել, փաթթուիլ ձեր նախշուն վիզերուն, ու ընդամէնը գետի մէկ ափէն միւսը անցընել: Փրկարար արարք մը, որ շատ կատարուեր էր նոյն գետի զոյգ ափերուն միջեւ, երբ թրքական սպանդէն փախստական, բազմաթիւ հայեր տուն ու տեղ թողած, իրենց կեանքին գնով կտրեր էին վարար ջուրերը մայրական մեր գետին:
Այո՛, դուք վշտացեր էք մեզմէ, որովհետեւ այս ափին կանգնած, մենք միայն արցունքոտ աչքերով դիտեր էինք շարունակուող Եղեռնը նախնիներէն ժառանգուած անգին հարստութեան՝ ձեր տառապակոծ խնկաբոյր մարմիններուն, որոնք եաթաղանի փոխարէն, մուրճի հարուածներ ստացան ուղղակի իրենց սիրտին վրայ:
Այո՛, դուք սրտնեղեր էք կոյր ու խուլ աշխարհէն, որ չլսեց ձեր աղաղակը, ու փակեց իր աչքերը անգութ ջարդարարներու ձեռքերը չբռնելու համար: Ո՜հ, դո՛ւք ալ ճաշակեցիք աշխարհի անարդարութիւնը, ինչպէս օր մը, ձեր դէմքերուն քանդակուած քարէ նշանին՝ խաչին վրայ, անաստուած մարդոց անարդար վճիռով բարձրացաւ անմեղ անձ մը, մա՛հը ճաշակելու…
Բայց ձեր խնդութեան եւ ուրախութեան ձայնը իրօք կը մխիթարէ մեզ այսօր: Ատիկա բացայայտ նշան մըն է, թէ ձեր ցաւը մեր սիրտի բալասանով լեցուն աւազանին մէջ մկրտուած է ու բուժուած արդէն… Այս ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի վստահաբար, երբ ձեր ականջներուն կը հասնի ձայնը Սրբալոյս Միւռոնի հեղման, ու ձեր ռունգերուն կու գայ՝ դրոշմուած միւռոնաբոյր օծութիւնը, միւս ափին գտնուող ձեր վաղեմի բարեկամին՝ Հովուի Մատուռին վերանորոգուած քարերուն վրայէն… Դուք վաղեմի ծանօթներ էիք իրարու: Սակայն կանգնեցէ՛ք ոտքի ու նայեցէ՛ք անոր պահ մը: Դուրս եկէ՛ք ձեր ջրամոյն օթեւաններէն ու դիտեցէ՛ք հրաշք այս մատուռը Հովուի: Ան գեղատեսիլ յարդարուած է, նման առագաստ մտնող նորահարսի: Կը յիշէ՞ք անոր երկուորեակ քոյրը, որ շատ մօտ կանգնած էր ձեզի: Ինքն ալ ձեր չար բախտին արժանացաւ աւելի կանուխ, քան ձեր նահատակութիւնը: Սակայն իր զոյգը այսօր Իրանեան ափին, ամուր ձեռքերու մէջ կը գտնուի: Ան իր խրոխտ գմբէթը միշտ բարձր պիտի պահէ, թէ՛ իր քրոջ, եւ թէ ձեր բոլորին վրէժը լուծելու համար: Ան պիտի պատմէ բոլոր այցելուներուն, թէ դուք մեռաք, բայց չկորսուեցաք: Թէ՝ իր քոյրը նահատակուեցաւ, սակայն իրեն փոխանցեց փառքի պսակը, զոր ինք պիտի կրէ իր ճակատին հպարտութեամբ ու սիրով, իբրեւ խորհրդանիշ՝ 100 տարի առաջ հայ ազգին դէպի սպանդանոց տարուելուն, բայց հրաշքով յարութիւն առնելուն ու անմահանալուն:
Ձեր ուրախութիւնը տեսնելով, այսօր հոգեկան հպարտութեամբ ձեր յարութիւնը կը տօնենք Արաքսի այս ափին, որուն ջուրերէն առնելով լուացինք օծուելիք մասերը Հովուի հրաշագեղ մատուռին: Մեզի հետ են Իրանի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Ատրպատականի Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնն ու բարեպաշտ ժողովուրդի զաւակները: Ձեր յարութեան տօնն է այսօր: Երգեցէ՛ք մեզի հետ մեր եկեղեցւոյ մելանոյշ շարականները, դարձեալ խաչակնքեցէ՛ք յաւերժօրէն ծաղկախաչերով խաչակնքուած ձեր դէմքերը: Իջէ՛ք երկինքէն հրեշտակներ ո՛չ թէ «Հոգւոց» ըսելու անոնց հոգիներուն, կամ «Ի վերին Երուսաղէմ»ը երգելու, այլ՝ «Այսօր յարեա՜ւ»ը: Որովհետեւ Յիսուսի յարութեան հաւատացող ժողովուրդի հանճարեղ ձեռքերով կառուցուած խաչքարերը յարութիւն առին այսօր, Յիսուսի հրաշափառ սուրբ Յարութեան տօնէն ընդամէնը չորս օր ետք…
Թո՛ղ հրճուին այսօր ձեր ոսկերոտիքը, այո՛, արդարօրէ՛ն, որովհետեւ վերստին մարմին ստացաք դուք, Հովուի Մատուռի սրբատաշ քարերուն վերակառուցումով: Ներեցէ՛ք մեզի, սրբազան մասունքներ, ներեցէ՛ք մեր ազգի թուլութիւնը ու անտարբերութիւնը: Ներեցէ՛ք մեր անմիաբանութիւնը ու ներքին անհամաձայնութիւնները: Ներեցէ՛ք մեր սխալ ու թիւր մեկնաբանութիւնները եւ ազգային անհեռատես քաղաքականութիւնը: Ներեցէ՛ք, ներեցէ՛ք, ներեցէ՛ք…
Թող հրճուի՛ն ձեր ոսկերոտիքը առյաւէտ: Հիմա հանգի՜ստ քնացէ՛ք դուք ձեր ջրակերտ նոր գերեզմանատան մէջ, կողք-կողքի աւելի՛ ամրացնելով ձեր թիկունքը: Որպէսզի ձեզի նայելով, ձեր օրինակով ամրացնեն իրենց վրիժառու եւ պահանջատէր բազուկները մեր նոր սերունդի զաւակները, մի՛շտ ուս-ուսի եւ կողք-կողքի, մինչեւ արդարութեան յաղթանակը, ձեր կուրծքերուն դարերով պատիւով կրած խաչին օրհնութեամբ ու զօրութեամբ:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ
ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանք, Դարաշամբ, Հին Ջուղա
9 Ապրիլ 2015