Ան ֆրանսական հեռատեսիլի կայանէն պատմած է իր հայկական արմատներուն մասին: «Ես ալ Ցեղասպանութիւնը վերապրած եմ: Հօրմէս երկար ժամանակ պահանջեց, մինչեւ որ ան պատմէ մեզի ատոր մասին, քանի որ չէր ուզեր ցաւ պատճառել մեզի: Այդ ժամանակ ես 13-14 տարեկան էի: Ատկէ առաջ մեր տան մէջ այդ նիւթը արգիլուած էր: Սակայն, օր մը ես պահանջեցի բացատրել եղելութիւնը: Ան ըսաւ ինծի, որ գիւղի մը մէջ ընտանիք մը կար, որուն մասին մոռցած էին հայերու կոտորողները: Այդ տան բոլոր անդամները կ՛աղօթէին՝ սպասելով, որ իրենց տունն ալ պիտի մտնեն: Սակայն իրենց մասին մոռցած էին, եւ ատիկա Շուշանեաններու ընտանիքն էր», ըսած է Փաթրիք Ֆիորի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.