
ՊՈԼՏԸՐ, Քոլորատօ.- Քոլորատոյի Պոլտըր քաղաքը Ապրիլ 24ը պիտի հռչակէ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր», կը հաղորդէ «Տէյլի Քամերա» թերթը։
Պոլտըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Քարաքեհեան այս նպատակով Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին կայացած խորհուրդին հանդիպումը բացաւ յիշատակի օրուան բանաձեւի ընթերցումով ու անոր կարեւորութիւնը մատնանշելով: Աշխատանք կը տարուի նահանգային մակարդակով եւս նման բանաձեւ մը վաւերացնելու: