ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Իրան այցելութիւնը իրանեան մամուլին մէջ քննադատական հրապարակումներու առաջնորդեց։
Թերթերը ընդհանրապէս Էրտողանը քննադատած են Իրանի մասին իր ունեցած քննադատական ելոյթներուն համար, անոնցմէ մէկը մինչեւ իսկ Էրտողանը «Օսմանցի Տոն Քիշոթ» անուանած է։
Սակայն, մինչ կարգ մը թերթեր կը քննադատեն Թուրքիոյ հետ շփումները շարունակելու այս նոր այցելութիւնը, ուրիշ թերթեր կը պաշտպանեն այն կարծիքը, թէ հակառակ ամէն բանի, Իրանի համար օգտակար է շփումները շարունակել Թուրքիոյ հետ։
«Ճումհուրիյէ Իսլամի» թերթը գրած է. «Երբ Էրտողան կը պաշտպանէր Եմէնի վրայ կատարուած յարձակումը, Իրանի հասցէին մեղադրանքներ ըրաւ եւ նոյնիսկ համարձակութիւնը ունեցաւ ըսելու, որ Իրան կ՛ուզէ բռնել «Իսլամական պետութեան» տեղը։ Մասնաւորաբար մէկը, որ բոյն տրամադրած է «Իսլամական պետութեան», ինչպէ՞ս կրնայ Իրանի հասցէին նման պնդում կատարել», պահանջելով, որ ան Իրանի ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրէ։
Թերթը յիշեցուցած է, որ Էրտողանի իշխանութիւնը շատ զօրացած է շնորհիւ Իրանի զօրակցութեան ու միաժամանակ Արեւմուտքին կողմէ Իրանի դէմ յայտարարուած շրջափակումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.