ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 Ապրիլի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Իտալիա, ուր, բացի երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ հանդիպումներէն, 12 Ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մատուցուելիք պապական պատարագին:
Մինչ այդ, 11 Ապրիլին Նէափոլ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը եւ կարտինալ Սեպէն: Ապա հանդիսաւորապէս բացումը պիտի կատարուի եւ պիտի օծուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողը՝ æուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.