ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յամենայնդէպս, այս անգամ Կլենտէյլի քաղաքի ընտրութիւններուն յաջողութիւնը վերապահուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն: Մենք կ՛ողջունենք այս փաստը եւ կը մաղթենք, որ հետագային առաւել կեդրոնացուած ըլլան հայկական քուէները:
Քարտաշեանի Հմայքը
Հասարակական ցանցերու մշտական ուշադրութեան առարկայ, ժամանցի, հագ ու կապի, վարսայարդարումի ու բազում այլ ոլորտներու մէջ ամէնօրեայ զգայացունց նորութիւններով յայտնի Քարտաշեան ընտանիքը Հայաստան կը գտնուի արդէն, ուրկէ պիտի սփռուի իր իրական առօրեան ներկայացնող հեռատեսիլի յայտագիրը:
Այս այցելութիւնը ահագին յուզում ստեղծած է հայկական շրջանակներու մէջ: Հասկնալի է, որ ինչպէս օտար, այնպէս ալ հայկական իրականութեան մէջ Քարտաշեան ընտանիքը իր վարք ու բարքով միանշանակօրէն չ՛ընդունուիր եւ տոհմական աւանդութեանց, կրօնական, բարոյական խորունկ սկզբունքներ ունեցողներ կ՛արհամարհեն ու նոյնիսկ կը բնովեն անոնց Հայաստան այցը, սակայն եւ պիտի ըլլան շատեր, որոնք պիտի գնահատեն հայկական զգացումներէ մեկնած այս քայլը, մանաւանդ երբ այդ քայլէն ահագին օգտակար քարոզչութիւն կ՛արձանագրուի մեր երկրին հաշւոյն:
Մենք կը յարգենք բոլորին զգայնութիւնները: Այսուհանդերձ, կը միանանք անոնց, որոնք Քարտաշեաններու այցը Հայաստան կը նկատեն կարեւոր իրադարձութիւն, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ազգովին կը փորձենք մեր պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, մեր երկրին հանդէպ միջազգային ուշադրութիւն գրաւել:
Հարցը միայն գործնապաշտութեան եւ բարոյական սկզբունքներու հակադրութեան մէջ չի կայանար: Մշտապէս մեր զաւակներուն օրինակելի տիպարներ փնտռելով, զանոնք միայն ընդունելի նկատելով այս մեծ աշխարհին մէջ դժուար է ապահովել անոնց «առողջ» դաստիարակութիւնը: Ամուր ընտանեկան հիմքերով մեծցած անձի մը համար, Քարտաշեան երեւոյթը հազիւ թէ դրական կամ ժխտական արժեչափերով գնահատուելու արժանանայ: