ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».¬ Քիմ Քարտաշեան իր ամուսինին՝ Քանիէ Ուեսթի, դստեր եւ Քարտաշեան ընտանիքի միւս անդամներուն հետ արդէն հասած է Երեւան։ «Զուարթնոց» օդակայանէն այս մասին յայտնած է «Փանորամա»ի թղթակիցը:
Քարտաշեան ընտանիքին Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին (ՀԶՀ) ու «SIMA Tours USA» ընկերութեան ջանքերով՝ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեանը «Փանորամա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Քարտաշեան ընտանիքի անդամներուն այցելութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս ընտանեկան ուխտագնացութիւն դէպի նախնեաց երկիր, ինչ որ՝ «միայն եւ բացառապէս դրական գնահատանքի է արժանի»։
ՀԶՀ տնօրէնը Քարտաշեանի Հայաստան այցելութեան պարունակին մէջ խօսած է դարաւոր հայրենիքէն արմատախիլ եղած, գաղթական ու որբ դարձած հայ ժողովուրդին վերապրող զաւակներուն մասին՝ «ովքեր չմոռացան իրենց նահատակներին եւ կրեցին վերածնուելու, ապրելու եւ յաջողելու պատգամուած կտակը»: Ըստ անոր՝ նոյնիսկ երեք-չորս սերունդ յետոյ հայկական սփիւռքը մնաց կուռ եւ ամուր, հայկական արմատներ ունեցող աշխարհահռչակ հայրենակիցները հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով դարձան յաջողած եւ ազդեցիկ մարդիկ, պահանջատէր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան առումով, իսկ Հայաստանը անոնց համար դարձաւ «հպարտութեան եւ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր»:
ՀԶՀը նպատակ ունի մնայուն կերպով Հայաստան հրաւիրել ծագումով հայ նշանաւոր անձնաւորութիւններ՝ նպաստելով վերջիններուն հայրենիքին հետ կապի ամրապնդման։
Ամերիկեան US weekly պարբերաթերթին աղբիւրը Քարտաշեան ընտանիքին Հայաստան ուղղուելու նախօրեակին գրած էր, որ »անոնք իսկապէս հպարտ են իրենց ծագումով եւ կ՛ուզեն հոն օգտակար ժամանակ անցընել«։
«Հայաստան կատարուելիք այցելութիւնը այս ամիսներուն անոնց մեծագոյն ճամբորդութիւնն է: Բոլոր աղջիկները (All of the girls) չափազանց հետաքրքրուած են անով», գրած էր թերթը։