ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- 7 Ապրիլին՝ ժամը 17:15ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացու հրազէնային հարուած ստացած ու զոհուած է 1995ի ծնունդ զինուոր մը՝ Լեւոն Մուշեղի Միրզոյեան։ Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
«Երկիր»ի տեղեկութիւններով՝ Լեւոնը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտ քաղաքէն էր, Միրզոյեաններու ընտանիքի կրտսեր որդին: Ան ունէր քոյր մը եւ իրենցմէ երէց եղբայր մը։ Նահատակ զինուորը պիտի զօրացրուէր աշնան:
«Երկիր»ը նշած է, որ ծառայութեան ընթացքին բազմաթիւ զինուորներ ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն վրայ արձանագրութիւններ կը տեղադրէին, յատկապէս իրենց մայրերուն վերաբերող։ Նման գրառում կատարած է նաեւ նահատակ Լեւոն Միրզոյեանը. «Բանակում նստած սեղանի դիմաց մայրերի համար խմուեց մի կենաց, էդ կենացը լի սպասումներով բարի, որ լաւ տղերքի կարօտը առնի, սրտերը բարի մեր սուրբ մայրերի, կարօտ ու արցունք երբեք չտեսնի: ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ԲՈԼՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԻՆ»: