ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».¬ 6 Ապրիլին Հայաստան հասած է Քիմ Քարտաշեանի «Keeping Up With the Kardashians» «ռիալիթի շոյ»ի անձնակազմը: Ըստ «Նիուզ»ին փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ 34ամեայ աստղը Հայաստան պիտի ժամանէ 8 Ապրիլին, իր ամուսինին՝ ռեփըր Քանիէ Ուեսթի եւ քոյրերուն հետ:
Աղբիւրը նշած է, որ Քիմ Քարտաշեան Հայաստան կատարած այցելութեան 7 օրերուն ընթացքին պիտի այցելէ Գիւմրի, ուր ազգականներ կ՛ապրին, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Ազգային արխիւ, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ: