
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան 2 Ապրիլին այցելած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն։
Քոչարեան ԹՈՒՄՕ այցելած է կեդրոնի հիմնադիր Սէմ Սիմոնեանի հրաւէրով: Ան Սիմոնեանի եւ տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի ընկերակցութեամբ շրջած է կեդրոնի սրահներուն մէջ, ծանօթացած է դասընթացքներուն: Անոր ներկայացուած է ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ կեդրոնի յատուկ նախագիծերը, եւ ուսանողներուն կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները: