
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ գիտութեան մակարդակը ներկայիս բարձրագոյնն է տարածաշրջանին մէջ։ 3 Ապրիլին կայացած Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան ժողովին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան՝ նշելով, որ երկիրի նախագահը տեղեակ պահած են այդ մասին եւ յայտնած, որ այդ արդիւնքը շատ դժուար պիտի ըլլայ երկար պահպանել, քանի որ հետազօտութիւններու հիմնական կառոյցը՝ ենթակառուցուածքները, շէնքերը, սարքաւորումները ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս մաշած են: «Այստեղ մենք խնդիր ունենք, եւ դրա լուծման համար անհրաժեշտ են պետական ծրագրեր», յայտնած է ան։
Մարտիրոսեանի համաձայն՝ երկրորդ հիմնական խնդիրը, որուն մասին իրենք մնայուն կերպով տեղեակ պահած են նախագահը, գիտաշխատողներու ընկերային խնդիրներն են: «Նախագահի անմիջական աջակցութեամբ Յունուարի 1ից կրկնապատկուել են գիտական աստիճանների համար վճարուող գումարները: Աւելացել է նաեւ Ակադեմիայի անդամների համար վճարուող գումարը», յայտնած է ան՝ նշելով, որ ակադեմիան իշխանութիւններէն աջակցութիւն կը ստանայ երկրի ներկայի կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ: «Մենք չենք կարող պնդել, թէ իշխանութիւնները ուշադրութիւն չեն դարձնում գիտութեան խնդիրներին», եզրափակած է ան։