
Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար Արժանթինի արտաքին գործոց նախկին նախարար Խորխէ Տայանա ՀՀ նախագահի որոշումով պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» մետալով:
Մետալը Տայանային յանձնած է Արժանթինի մօտ ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան: Արժանթինի ԱԳ նախկին նախարարը յայտնած է, որ զգացուած է նման պատիւի համար եւ իր որոշումներուն մէջ եղած է անկեղծ՝ առաջնորդուելով մարդասիրական մղումներով:
Ան նշած է նաեւ, որ իրեն համար շատ կարեւոր է նման պարգեւի արժանանալը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին: Արժանթինի մէջ Հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Ուկօ Գույումճեան կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ Տայանա որեւէ ձեւով չյանձնուեցաւ թրքական ճնշումներուն եւ իր առաքելութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջ: