Համակարգող խորհուրդը նախագահ՝ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գագիկ Միրիջանեանի գլխաւորութեամբ, 1 Ապրիլին այցելած է Արմաւիրի մարզ, ուր ականատես-վերապրածներու մեծագոյն թիւը կայ։
Մարզաբնակ ականատես-վերապրածներուն տրամադրուած են բժշկական ցուցումներուն համապատասխան դեղեր եւ բժշկական պարագաներ:
Մասնագիտական խումբերու այցելութեան ընթացքին Երեւանի եւ մարզերուն մէջ կատարուած են անհրաժեշտ բժշկական հետազօտութիւններ, որոնց հիման վրայ կը պատրաստուին ականատես-վերապրածների բժշկական թղթածրարներ:
«Հայաստանի բուժքոյրերի միաւորում ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութիւնը եւս իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ՝ տրամադրելով խնամակալներ:
Բժշկական օգնութեան կարիք ունեցողները Երեւանի մէջ կը գտնուին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ, իսկ մարզերուն մէջ՝ մարզային բժշկական կեդրոններու մասնագէտներու մնայուն հսկողութեան տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.