
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու գործադիր խորհուրդը հաստատած է Հայաստանին 52 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկի տրամադրումը: Ֆինանսաւորման շնորհիւ պիտի բարելաւուի ելեկտրահաղորդակցութեան ցանցն ու այդ համակարգի կառավարումը՝ օժանդակելով երկրին մէջ բաւարար ելեկտրամատակարարում ապահովելու կառավարութեան ջանքերուն: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլին, որ դիտել տուած է, թէ կը նախատեսուի հիմնական նորոգութեան ենթարկել երկու ենթակայան, իսկ ծրագիրի երրորդ բաղադրիչը պիտի ըլլայ կառավարութեան թեքնիք աջակցութիւն տրամադրելը:
«Աշնակ» ենթակայանի հիմնական նորոգութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ նուազեցնելու խանգարումներու եւ ընդհատումներու թիւն ու տեւողութիւնը: Ատով պիտի բարելաւուի ելեկտրամատակարարման յուսալիութիւնը շուրջ 120 հազար ելեկտրականութիւն սպառողներու համար: Յուսալի ելեկտրամատակարարում ապահովելու իմաստով ենթակայանը կարեւոր է Հայաստանի արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններու սպառողներուն համար: Իսկ յաջորդը Երեւանի ջերմաելեկտրակայանի ենթակայանի հիմնական նորոգութիւնն է, անիկա Հայաստանի ելեկտրականութեան արտադրութեան 20 տոկոսը կը կատարէ: Ենթակայանի խանգարումի պատճառով ցանցէն անջատուելու պարագային երկրին մէջ ելեկտրականութեան պահանջքի բաւարարման ընդհանուր արժէքը մեծապէս կը բարձրանայ», յայտնած է Պէյլին: Ան դիտել տուած է, որ այդ աշխատանքները կարելիութիւն պիտի տան խուսափելու ելեկտրականութեան մատակարարման անջատումներէն, ինչպէս նաեւ անոնց առնչուող ընկերային եւ տնտեսական մեծ ծախսերէն:
Համաշխարհային դրամատան ծրագիրի խումբի ղեկավար Արթուր Կոչնակեան եւ յայտնած է, որ ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի հիմնել կարգավարական պահեստային կեդրոն: «Դա թոյլ կը տայ բարելաւել համակարգի կառավարումը: Այն կարեւորւում է յատկապէս առաջնային կարգավարական կենտրոնի տեխնիկական կամ այլ պատճառներով խափանման դէպքում վերահսկողութիւնն ապահովելու տեսանկիւնից», նշած է ան։
Ծրագիրի ընդհանուր ֆինանսաւորումը կը կազմէ 69.16 միլիոն տոլար, որուն 17.16 միլիոն տոլարը պիտի տրամադրէ կառավարութիւնը: Համաշխարհային դրամատունը պիտի տրամադրէ 52 միլիոն տոլար վարկ, փոփոխական տոկոսադրոյքով՝ 14.5 տարի արտօնեալ ժամկէտով եւ 25 տարի մարման ընդհանուր ժամկէտով: