
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ազգային ազգագրական կազմակերպութիւններու համախմբումը հաղորդագրութեամբ մը հրապարակած է 2015ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին արժանացողներու անունները:
Համա-ամերիկեան չափանիշներ ունեցող սոյն պատուոյ շքանշանին այս տարի արժանացած են 85 քաղաքացիներ, որոնցմէ եօթն՝ հայեր:
«Էլիս Այլընտ»ի այս տարուան հայ շքանշանակիրներն են Հէրի Նաճարեան, Վահէ Կարապետեան, Մայք Սարեան, Քրիստոֆըր Ադամեան, տոքթ. Թետ Չաղլասեան, Մայք Ճուլաքեան եւ Սիմոն Սիմոնեան:
Նշենք, որ այս ցանկէն երեքը՝ Հէրի Նաճարեան, Վահէ Կարապետեան ու Մայք Սարեան, յայտնի են մեր համայնքէն ներս իրենց բազմաթիւ բարերարութիւններով:
Նշենք նաեւ, որ Հէրի Նաճարեանը 1986ին, Էլիս Այլընտի մէջ կանգնած Ազատութեան արձանի յոբելենական հանդիսութեան, եղած էր հարիւր ամերիկացիներէն միակ հայը, որ արժանացած էր յատուկ մրցանակի մը, եւ նոյն հանդիսութեան ընթացքին, նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի առջեւ տուած էր իր քաղաքացիութեան երդումը:
«Ասպարէզ» կը շնորհաւորէ այս պատուաբեր շքանշանին բոլոր արժանացողները:
Hi,
I can’t sign up for the book’ Zartonk’.
Could you tell me how else can I get it?
Thanks,Best
Sona Simonian