ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ, Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, թէ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ սպառնալիքները կը շարունակուին, իսկ սպառնալիքի ենթարկուածներէն շատերը ոստիկանութեան գանգատելէն իսկ կը վախնան։
Սպառնալիք ստացողներէն մէկն է հայ-յոյն ընտանիքի մը անդամներէն Լիտիա Փասքալիտիս, որ շարունակ սպառնալիքներու ենթարկուած ըլլալով՝ վերջերս դիմում կատարած է Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան միութեան։
Միութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան բացատրութիւններ տուած է իր ոդիսականին մասին։ Լիտիա պատմած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն կարճ ժամանակ ետք սկսած է սպառնալիքներ ստանալու։
Նախայարձակները յաջողած են ձեռք ձգել անոր համակարգիչի ու հեռախօսի գաղտնաթիւերը, ու անոնց միջոցով սպառնալիքներ ղրկած են այլ հայ ընտանիքներու։ Ոստիկանութեան մօտ կատարուած նոր դիմումները ո՛չ միայն արդիւնք չեն տուած, այլեւ ընդհակառակը՝ պատճառ դարձած են, որ ոստիկանները կասկածով մօտենան Փասքալիտիսին, խուզարկումներ կատարելով անոր տան մէջ։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի յանձնախումբի անդամներէն յայտնի փաստաբան Էրեն Քեսքին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ այս պատահարը ցոյց կու տայ, որ ոչ-իսլամներու դէմ սպառնալիքներու մթնոլորտը կը շարունակուի, ու շատեր, այդ մասին ոստիկանութիւնը տեղեակ պահելէն իսկ կը վախնան։ Ան վստահեցուցած է, որ միութիւնը պաշտպան պիտի կանգնի Փասքալիտիսի իրաւունքներուն։ «Այս սպառնալիքները կը յիշեցնեն 1915 թուականի գաղթերը, որոնք արատ մըն են այս երկրի ճակատին», ըսած է Քեսքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.