Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութեան, համագործակցութեան բոլոր ոլորտները ներառող երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային փոխգործակցութեան ամրապնդման իմաստով կարեւոր տեղ ունին միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, որոնք արդիւնաւէտօրէն կը դրսեւորուին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներու շրջանակներուն մէջ:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի երկարամեայ գործունէութեան շնորհիւ միջխորհրդարանական կապերը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ արձանագրած են կայուն եւ աշխոյժ բնոյթ: Յանձնաժողովի նիստերու ընթացքին քննարկուող հարցերը, նախագահին համաձայն, կը վերաբերին երկու երկիրներու փոխգործակցութեան տարբեր ոլորտներուն եւ կ՛օժանդակեն օրէնսդրական հիմերու ստեղծման՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ միջպետական համագործակցութեան ներդաշնակ զարգացում ապահովելով:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերկէյ Նարիշքին անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման՝ համարկման նոր գործընթացներու պարունակին մէջ։ Կողմերը ընդգծած են, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով՝ Հայաստանն ու Ռուսիան փոխշահաւէտ գործընկերութիւնը բարձրացուցած են որակապէս նոր մակարդակի, եւ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որպէսզի այդ համարկման միաւորումը լիարժէքօրէն օգտագործուի՝ ի նպաստ երկու բարեկամ ժողովուրդներու բարօրութեան:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկասի կայունութեան ու անվտանգութեան վերաբերող հարցերու առնչութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.