
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկը պատրաստ է Օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ զինուորականներուն մասին Թուրքիոյ մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու: 30 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը պիտի կրէ «Ծառայութիւն եւ ոչնչացում» խորագիրը:
Թուրքիոյ մէջ կայանալիք այլ ցուցահանդէս մը կրնայ ըլլալ «Հայկական երիտասարդական սպորտային կազմակերպութիւնները Օսմանեան կայսրութիւնում» թեմայով ցուցադրութիւնը, որուն նիւթերը պիտի տրամադրէ հիմնարկը: Նախորդ տարի թանգարանը բանակցութիւններ կատարած է Պոլսոյ յառաջադէմ հասարակական զանգուածներուն հետ: «Մենք պատրաստ ենք ցուցահանդէս կազմակերպել առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում, հէնց որ իմանանք, որ մեզ կը տրամադրեն սրահ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ», դիտել տուած է Դեմոյեան։
da lav chi! gitek?aid zinvornerin kshetsin kristonia azger djardelu vra yev aveli lav e dra masin dzain che hanenk! amot e hpartanal dra vra!
ed anvdangutian “yerashkhiknern# el morratsek!