ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ցաւով կը յայտնենք, որ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան մահացած է Շաբաթ, 28 Մարտի երեկոյեան:
«Յարգանքով կը խոնարհինք Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին առջեւ, ան «Ակօս»ին միաձուլուած խորհրդանիշ մըն էր: Խոր վիշտով կը ցաւակցինք ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն հետ, կը գրէ «Ակօս»:
Սարգիս Սերովբեան ծնած էր 1935: Միջնակարգէն ետք կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, մէկ կողմէն կ’աշխատակցի զանազան օրաթերթերու եւ պարբերականներու: Հրանդ Տինքի առաջարկին հիման վրայ մաս կը կազմէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբակին, ստանձնելով հայերէն էջերու խմբագրութիւնը: Այդ օրէն ի վեր ղեկավարած է թերթին հայերէն բաժինը: Սերովբեան ամուսնացած է, եւ ունի երկու զաւակ:
«Ասպարէզ» կը ցաւակցի «Ակօս»ին եւ Սերովբեանի հարազատներուն: