ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իրաքէն եւ Սուրիայէն ետք, Եմէնի մէջ ապահովական վիճակի բռնկումը իր վրայ կեդրոնացուց տեղական թէ արտաքին շրջանակներու ուշադրութիւնը:
Արդարեւ, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր Եմէնի մէջ շարունակուող հուսիներու պահանջատիրական պայքարը՝ մերթ ընդյատակեայ, մերթ բացայայտ, վերջին 24 ժամերուն բռնկեցաւ՝ ստեղծելով բազմաթիւ հարցականներ շրջանին եւ Լիբանանի վրայ անոր ազդեցութեան շուրջ:
Լիբանան, որ յաճախ հայելին եղած է շրջանային մրցակցութեանց, կը փորձէ դրական չէզոքութիւն պահպանել: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի բոլոր այն որոշումներուն, որոնք խաղաղարար բնոյթ ունին՝ նշելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջոցառումները բարեյաջող ելք չունեցան:
Նմանապէս, վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ պիտի մասնակցի Շարմ Շէյխի Արաբական 26րդ վեհաժողովին, պիտի փորձէ դրական չէզոք դիրքով ներկայանալ: Այդ կապակցութեամբ, ուշագրաւ էր Մարտ 26ի Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի նիստը, որ խուսափեցաւ բացայայտ դիրքորոշում յայտարարելէ շրջանային դէպքերուն գծով:
Իր կարգին, «Հըզպալլա» բուռն կերպով քննադատեց հուսիներու դէմ սէուտական յարձակումները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.