ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու դարձալ խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նկատմամբ թրքական տեսլականին մասին: Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին համաձայն՝ Չաւուշօղլու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կրկին պայմանաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապով:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիա նպատակ ունի վերակենդանացնելու Հայ-թրքական արձանագրութիւնները՝ Չաւուշօղլու նշած է, որ «Հայաստանը պէտք է սորվի դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել»։
Ան յայտնած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բերալաւման համար ոչ միայն անհրաժեշտ է, որ հայկական կողմը հրաժարի Ցեղասպանութեան հետ կապուած պահանջներէն, այլ նաեւ դուրս գայ «գրաւեալ» տարածքներէն՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա պատրաստ է բարելաւելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստան կատարէ Թուրքիոյ կողմէ առաջ քաշուող բոլոր նախապայմանները:
Միւս կողմէ, եւրոպական կառոյցներու հետ կապերու հարցերով Թուրքիոյ նախարար եւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գլխաւոր բանագնաց Վոլքան Պոզքըր Իտալիոյ մէջ հերքած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ ըսած, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «ոչ մէկ ամօթալի դէպք կայ»:
Պոզքըր խօսած է նաեւ Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերացուած բանաձեւին մասին՝ փափաք յայտնելով, որ այդ որոշումը հիմք չի դառնար նոր տարակարծութեանց: «Մենք կ՛ակնկալենք այնպիսի որոշումներ, որոնք պիտի օգնեն մեզի այդ բոլորը անցեալի մէջ պահելու, որպէսզի մարդիկ խաղաղութեան մէջ ապրին եւ ապագայ կառուցեն»:
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին՝ Պոզքըր ընդգծած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ, մինչ Հայաստան զանոնք ետ կանչած է խորհրդարանէն: «Հայկական կողմը գործընթացը կասեցուցած է: Համոզուած եմ, որ անձնական զգացումներու փոխարէն՝ դատողութիւնը կը յաղթանակէ», ըսած է նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.