Անդրադառնալով փաստաթուղթերու յայտնաբերման՝ Հեսման ըսած է. «Զիս հետաքրքրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թեման, երբ կարդացի Քէօլնի արքեպիսկոպոս ֆոն Հարտմանի՝ 1913ին Գերմանիոյ վարչապետին ուղղուած նամակը, ուր ան կը խնդրէր օգնել՝ կանխելու հայոց նոր ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքէն ռուսական զօրքերու հեռացումէն ետք: Այնուհետեւ, յայտնաբերեցի նոր փաստաթուղթեր՝ աւելի քան 2000 էջ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՛չ հրապարակուած է, ո՛չ ալ ուսումնասիրուած ոեւէ պատմաբանի կողմէ: Մինչ այդ, ուսումնասիրած ըլլալով Ցեղասպանութիւնը՝ ծանօթ էի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստուած էին օսմանեան պաշտօնեաներու եւ դիւանագէտներու կողմէ, իսկ այս փաստաթուղթերը նոր ուսումնասիրութեանց նիւթ են: Ի հարկէ, կարեւոր աղբիւրներէն են նաեւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներու զեկոյցները, յատկապէս՝ Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի զեկոյցը: Մինչ այժմ հանդիպած եմ նաեւ անգլիացի, ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իտալացի դիւանագէտներու զեկոյցներուն, սակայն Վատիկանի փաստաթուղթերը հիանալի աղբիւր են»: Խօսելով կոտորածներու պատճառներուն մասին՝ Հեսման ըսած է. «Կոտորածները սկսան, երբ թուրքերը խուզարկութիւններ կատարեցին հայկական տուներու մէջ՝ զէնք յայտնաբերելու նպատակով, ինչ որ օգտագործեցին որպէս ապստամբութեան դաւադրութեան «վկայութիւն», որ, ի հարկէ, անհեթեթութի՛ւն էր: Ատոր հետեւեցան տղամարդոց ձերբակալութիւնները, չարչարանքներն ու սպանութիւնները: Այնուհետեւ, կիներուն, տարեցներուն եւ երեխաներուն ստիպեցին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ՝ Անատոլիոյ լեռնային տարածքներով, առանց ջուրի եւ ուտելիքի»:
«Անոնցմէ շուրջ 350,000ը, հասնելով սուրիական անապատ՝ տեղաւորուեցաւ համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, որմէ ետք սկսաւ «մահուան երթը»՝ Սուրիոյ անապատին վրայով, ուր շատերը սպաննուեցան: Քանի մը տասնեակ հազար մարդիկ միայն ողջ մնացին. անոնց մեծ մասը որբ էին, որոնց համար Պենետիքթ ԺԵ. պապը երկու որբանոց տրամադրեց», պատմած է ան: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյն կիրքով կը փորձէ համաշխարհային գրականութեան մէջ բոլոր միջոցներով ջնջել Հայոց Ցեղասպանութեան հետքը՝ կանխել փորձելով հայոց կոտորածները որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը: «Բայց տեղի ունեցած է ցեղասպանութի՛ւն՝ ըստ ՄԱԿի սահմանումին, ինչպէս նաեւ՝ պատմութեան մէջ քրիստոնեաներու ամենամեծ հալածանքը, որուն զոհ գացին միլիոն ու կէս հայեր եւ շուրջ մէկ միլիոն քրիստոնեայ սուրիացիներ ու յոյներ», ըսած է գերմանացի պատմաբանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.