Ժամերգութեան եւ պատարագին հանդիսապետեց առաջնորդը, իսկ արարողութեանց մասնակցեցան Վաչէ արք. Յովսէփեան, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան եւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան:
Նկատի ունենալով ՀՕՄի երկարամեայ նուիրեալ նախանձախնդիր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, սրբազան հայրը յատուկ պատիւի արժանացուց ազգապարծան այս միութիւնը: Ներկայ էին ՀՕՄի վարչական կազմը եւ համակիրներ: Յարգանքի այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր առաջնորդարանի «Հաւատքի Դեսպաններ» յանձնախումբին կողմէ:
Պատարագի աւարտին, սրբազանը, մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, կատարեց խաչքարի մը օծումը՝ ձօնուած ՀՕՄի համազգային ծառայութեան, եւ իր ոգեշունչ պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն՝ ըսելով. «Ազգի մը կեանքին մէջ պէտք է բարձրօրէն գնահատել ծնունդն ու գործունէութեան դաշտը բոլոր այն նուիրական հաստատութիւններուն, որոնք դարձած են Աստուծոյ կամքը իրականացնող ներկայութիւնը եւ աւելին՝ բիբը աչքին: Օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին, մեր ազգի կեանքին մէջ ծնունդ առաւ ՀՕՄը, որ իր ծնունդէն մինչեւ այսօր աշխարհացրիւ մեր ազգի զաւակաց կեանքին մէջ դարձած է օրհնութիւն: Կ՛երեւի, թէ Աստուծոյ նախախնամութեամբ էր որ 1910 թուականին կազմաւորուեցաւ ՀՕՄը, հայոց պատմութեան այն տագնապալից տարիներուն, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը սպանդի կ՛ենթարկուէր, իսկ տեղահանուած տասնեակ հազարաւորներ, անոնց մէջ ի մասնաւորի որբեր, կեանքի նոր արշալոյսի տեսիլքի առաջնորդները կը փնտռէին: ՀՕՄը դարձաւ լոյսի ու յոյսի փարոս, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու կեանքը ներշնչեց հայրենական սիրով ու գիտութեան լոյսով:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումը կը միացնէ բոլորս անխտիր եւ մեզ կը պարտաւորեցնէ, որ խոնարհինք նաեւ ՀՕՄի հիմնադիր տեսլապաշտ առաջնորդներու յիշատակին առջեւ ու հազար փառք վերառաքենք առ Աստուած՝ հազարներու փաղանգին կողմէ իրականացուած բարի առաքելութեանց համար: Ծառայութիւնը կը շարունակուի թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ արտասահմանի մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումը կը խորհրդանշէ նաեւ յարութիւնը մեր ազգին, որուն մէջ ակնյայտ է ՀՕՄի հայրենանուէր ծառայութիւնը հազար ու մէկ ձեռնարկումներով: Այսօր, Հայց. առաքելական եկեղեցին խոր երախտագիտութեամբ կ՛արձանագրէ ձայնը օրհնութեան երջանկայիշատակ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան կաթողիկոսին, որուն հայրապետութեան օրերուն ծնունդ առաւ ՀՕՄը:
ՀՕՄը կը պատկանի անխտիր բոլորի՛ս. անոր ծաւալած առաքելութեան մէջ մեր բաժինը պիտի բերենք գործնապէս: ՀՕՄը պիտի պահենք որպէս «բիբ ական», որպէսզի գալիք սերունդներուն ջամբէ իր ծառայութիւնը: Մեր ազգի յաւերժականութիւնը պայմանաւորուած է աստուածահաստատ ու նուիրական մեր հաստատութիւններով, որոնց հանդէպ պիտի ունենանք գուրգուրանք, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ սեպուհ պարտականութիւն: Նահատակներու յիշատակը պահպանելու ամէնէն արդարացի ու վաւերական վերաբերմունքն է այս:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեանց ընթացքին բարոյական մեր տուրքն է յարգել ՀՕՄը եւ ի մասնաւորի պատգամ յղել մեր երիտասարդ սերունդին՝ միաւորուելու անոր շուրջ, որպէսզի ձեռք-ձեռքի տալով նպատակ տանք մեր կեանքին՝ հայրենական ու մարդասիրական ծառայութինը դարձնելով նշանաբանը մեր կեանքին: Հայրենի հողէն ծնած Ս. Էջմիածինը օրհնած է ՀՕՄը եւ այդ մե՛զ է վստահուած որպէս հոգեւոր ժառանգ: ՀՕՄը իր ծառայութիւններով դարձած է փառքն ու պսակը մեր ազգին: Եթէ առաւել զօրացնենք ՀՕՄը, ապա երանելի ենք մենք եւ առաւել եւս՝ մեր զաւակները:
ՀՕՄը մայրութիւնը խորհրդանշող ներկայութիւնն ու առաքելութիւնն է մեր ազգի կեանքին մէջ: ՀՕՄի մեծ ընտանիքը կազմող մայրերու փաղանգը իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը պիտի շարունակէ դեռ գալիք սերունդներուն համար: Հաւատքով զինուած Սօսէ մայրերն են ՀՕՄի տիկնայք, որոնք իրենց հոգուն մէջ կը կրեն հայրենիքի սէրը, նահատակաց արեան կանչը եւ վաղուան նոր ու պայծառ արշալոյսներու տեսիլքը»:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, քաղաքապետական խորհուրդին անունով գնահատագիր մը յանձնեց ՀՕՄին, պատմական այս օրուան առթիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.