
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շնչող Գրքի Ակումբներ» գրական խմբաւորման յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Ապրիլ 1ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA). անիկա նուիրուած պիտի ըլլայ Խորէն Արամունիի «Ձնհալ» վէպին: Գիրքը որպէս երկխօսութիւն գրուած է եւ այդ պատճառով ալ սահուն կը կարդացուի: Կը խնդրուի ամբողջ գիրքը կարդալ՝ նախքան հանդիպումը: Նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ գիրքի հեղինակը:
Խմբաւորման Ապրիլ 15ի հանդիպումը, դարձեալ՝ երեկոյեան ժամը 7ին, նուիրուծ պիտի ըլլայ անգլերէնով գրուած Մելինէ Թումանիի «There Was and There Was Not: A Journey Through Hate and Possibility in Turkey, Armenia, and Beyond» գործին։
Արձանագրուելու համար, դիմել՝ noor@abrilbooks.com հասցէին։