ՓԵՔԻՆ, «Եռագոյն».- Պետական այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն (ՉԺՀ) գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 25 Մարտին, Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցած է ՉԺՀ նախագահ Շի Ժինփինկի հետ:
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի եւ Չինաստանի նախագահները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան բարեկամական համագործակցութեան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ խորացման մասին» համատեղ հռչակագիր:
Ստորագրուած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած աւելի քան մէկ տասնեակ փաստաթուղթեր, որոնց շարքին՝ քրէական գործերով փոխադարձ իրաւական օգնութեան, արհեստագիտական-տնտեսական համագործակցութեան, Հայաստանին Չինաստանի կողմէ արտօնեալ վարկի տրամադրման, մաքսային գործերու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան, կրթութեան եւ գիտական աստիճաններու վերաբերեալ փաստաթուղթերու փոխադարձաբար ճանաչման, զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան, հայ-չինական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի շրջանակներու մէջ Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի ստեղծման գործին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման, Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Չինաստանի հասարակական անվտանգութեան նախարարութեան միջեւ յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ բացայայտման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, կեդրոնական դրամատուներու միջեւ հայկական դրամ/չինական եուան երկկողմանի SWAP կարգաւորումներու համաձայնագրերը:
Մինչ նախագահ Շի Ժինփինկի հետ հանդիպումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան առաւօտեան հիւրընկալուած է ՉԺՀ մայրաքաղաքի յառաջադէմ կրթօճախներէն մէկուն՝ շուրջ 290 տարուան պատմութիւն ունեցող Փէյժինկ թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին կողմէ, որ կազմաւորուած է 1724 թուականին Ցին կայսրութեան օրօք կառուցուած դպրոցի հիման վրայ: Դպրոցը կը համարուի Փէյժինկի խոշորագոյն եւ արհեստագիտականօրէն յագեցած դպրոցներէն մէկը: Կրթական այս հաստատութեան շրջանաւարտներուն շուրջ 95 տոկոսը կ՛ընդունուի երկրի լաւագոյն համալսարանները: Դպրոցը կ՛իրականացնէ նաեւ միջազգային համագործակցութեան ծրագիրներ, ինչպէս՝ աշակերտներու փոխանակման ծրագիրներ շարք մը երկիրներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.