Աննպաստ օդն ու անձրեւը արգելք չեղան խումբ մը հայերու, որոնք հաւաքուած էին Ֆրեզնոյի մէջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու երեք հայասէր անձերու, որոնք հազարաւոր աշխարհացրիւ հայերու կեանքը բարեփոխեցին։
Շնորհիւ Ճորճ Մարտիկեանի՝ հիմնադիրը Անտուն Հայերու օժանդակ ամերիկեան ազգային յանձնախումբի, գործակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյէն փաստափան Սուրէն Սարոյեանի եւ զօրավար Հայկ Շէքէրճեանի ճիգերուն, 1940-1980 տարիներուն ընթացքին, շուրջ 25,000 հայեր Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Չինաստանէն յաջողութեամբ տեղափոխուեցան Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներ, սկսելու նոր կեանք մը՝ ազատ եւ ապահով միջավայրի մէջ։
Փետրուար 22, 2015, Կիրակի օր, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգիտ կատարուեցաւ Մարտիկեանի, Սարոյեանի, Շէքէրճեանի եւ բոլոր ԱՆՉԱի կամաւորներու եւ հովանաւորներու հոգիներուն համար։ Տէր հայր Կոստանեան խօսեցաւ ԱՆՉԱի Լիբանանի մէջ տարած աշխատանքին մասին, իսկ հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան յայտարարեց, որ եկեղեցւոյ բակին մէջ պիտի տեղադրուի շատրուան մը՝ ի պատիւ այս անձերուն։
Ան յիշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին, Մարտիկեան եղած էր Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, իսկ Սարոյեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը։
Յաւարտ Ս. պատարագի՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ սուրճի հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները դիտեցին Գերմանիոյ մէջ տեղահանուած հայերու (DP) նկարները։ Ասոնք Ամերիկա առաջին ներգաղթող խումբն էին։ Ապա, մեծ խումբ մը ուղղուեցաւ «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր Մարտիկեան եւ Սարոյեան ընտանիքներու դամբարաններուն վրայ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց տէր հայր Կոստանեանը։ Ներկաներուն մէջ էին շարք մը DP-ներ իրենց ընտանիքներով, ՀՕՄուհիներ, եւ անհատներ Վայսելիայէն, Պէյքըրզֆիլտէն եւ Լոս Անճելըսէն, որոնք ծաղկեփունջեր զետեղեցին իրենց սիրելի բարերարներու դամբաններուն վրայ։
Այս առթիւ, Սոֆի Մխիթարեան յայտարարեց, որ ծրագիր մը մշակուելու ընթացքին մէջ է՝ կառուցելու այս հայորդիներու յիշատակին նուիրուած կոթող մը, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին մօտը։ Ան յայտնեց նաեւ, որ ծրագիր մը կայ գրելու DP-ներու պատմութիւնը, որուն համար պէտք պիտի ունենան բոլոր DP-ներու աջակցութեան։ Հետագային, այս երկու ծրագիրներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի տրուին մամուլով եւ այլ թղթակցութեամբ։ Մեր յոյսն է, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յուշ-շատրուանը եւ «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ կառուցուելիք յուշակոթողը ոչ միայն կը պատուեն յիշատակը այս հերոսներուն, այլ նաեւ կը ներշնչեն ուրիշներ իրենց ծառայութիւնը մատուցելու մարդկութեան։ Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ծրագիրներուն, կրնան կապ պահել Սոֆի Մխիթարեանի հետ հեռաձայնով՝ (559) 435-5136 կամ ե-նամակով՝
sophiem2125@gmail.com։
Նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ հասցէին՝ Holy Trinity Armenian Apostolic Church, Attn. Amrdikian/Saroyan Memorial Fund, 437 M Street, Fresno, California, 93721:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ԱՆՉԱի պատմութեամբ, կրնան կարդալ Հրաչ Զատոյանի գիրքը՝ Our Brothers Keepers. զոր կարելի է գնել հետեւեալ համացանցային կապերուն դիմելով՝ www.abrilbooks.com կամ
www.stvartanbookstore.com։
(Թղթակից)