ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վերին խաւերու ղեկավարները կը քննեն նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի քաղաքական կեանք վերադառնալու հաւանականութիւնը։ Նախկին նախագահը Մարտ 13ին յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի երեսփոխանական ընտրութեանց, սակայն պատրաստ է իր քաղաքական փորձառութիւնը դնելու երկիին ի սպաս։ Շաբաթ մը առաջ, այժմու նախագահ Էրտողան ըսած էր, որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ Կիւլ քաղաքական կեանք վերադառնայ, իսկ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ, որ այս օրերուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, ըսած էր, թէ ուրախութեամբ պիտի դիմաւորէ Կիւլի քաղաքական կեանք վերադառնալու փափաքը։ «Քանի մը օր առաջ այցելեցի իրեն, եւ այդպիսի փափաք մը չարտայայտեց, բայց անշուշտ ըսած էր, որ ան չի կրնար անտարբեր մնալ կուսակցութեան նկատմամբ», նշեց Արընչ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.