ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄԸ ԿԸ ԴՐՈՒԻ ՏԱԼԱՍԻ ՄԷՋ
ՀԻՒՍԹԸՆ.- Մարտ 1ին, Հիւսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Թեքսասի տարածքին իրականացած հանրային հաւաքներու շարքին վերջինը։
Տալասի եւ Օսթընի մէջ իրականացած միւս երկու հաւաքներուն նման, Հիւսթընի մէջ եւս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային զարգացման ծրագիրները համակարգող Սիմոն Մաղաքեանը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեանը տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայ Դատի գործունէութեանց մասին, նահանգէն ներս հայամէտ բանաձեւերու վաւերացման աշխատանքները առաջնորդելու եւ համայնքներու քաղաքական գործունէութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնելու նպատակով:
Տալասի մէջ, Ասատրեան եւ Մաղաքեան այցելած էին Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցին, իսկ երեկոյեան, համայնքի ղեկավարներէն Լուսիա Նազարեանի բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած էին հայ համայնքի անդամներուն հետ, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութեանց ծանօթացնելու նպատակով։
Թեքսասի հայ համայնքին տեղեկութիւններ բաժնուած էին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին կողմէ այդ նահանգէն ներս կատարուած դրամահաւաքի գործունէութեանց մասին։
Մաղաքեան կը յայտնէ, թէ խորհրդակցութեանց ընթացքին որոշուած է Հայ Դատի նոր մասնաճիւղին հիմը դնել Տալասի մէջ։
Փոքրաթիւ հայ համայնք մը ունեցող Օսթընի մէջ եւս նման հաւաք մը տեղի ունեցած է, իսկ Հիւսթընի հաւաքին, Ասատրեանին եւ Մաղաքեանին միացեած են ՀՅԴի, ՀՕՄի եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչներ՝ համայնքի ներկայացուցիչներուն աւելի համընդհանուր պատկերացում մը տալով Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութեանց մասին։
Մարտ 1ին, Ս. Գէորգ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ կայացած համայնքային հանդիպան բացումը կատարած է Թեքսասի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վրոյր Ֆրանքեան՝ մանրամասնութիւններ տալով նահանգին մէջ կայանալիք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասին, որոնց շարքին է նահանգի մայրաքաղաքին մէջ Ապրիլ 18ին նախատեսուած ոգեկոչումը։ Ան նաեւ նշած է, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հիւսթընի Ողջակիզման թանգարանին ջանքերով, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած Արմին Վեկնըրի լուսանկարներու ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 1էն Օգոստոս 7ի միջեւ, նշեալ թանգարանին մէջ։
Հաւաքին նաեւ յայտարարուած է, թէ Քալիֆորնիոյ օրինակով, Թեքսասի մայրաքաղաքին մէջ եւս այս տարի «Հայ Դատի Օր» պիտի կայանայ Ապրիլ 14ին։
Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցած է Թեքսասի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու ենթայանձնախումբի անդրանիկ նիստը, համաատենապետութեամբ իրաւաբան Ֆիլիփ Կանայեանի, որ Զօրա-վար Դրոյի թոռնիկն է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին: