Խարքովի մէջ հրաժեշտ տուին Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգորիս արք. Բունիաթեանին:
Ըստ analitikaUA.net-ի՝ Խարքովի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ Բունիաթեանին հրաժեշտ տալու սուգի արարողութիւնը:
Արքեպիսկոպոսին հրաժեշտ տալու համար Ս. Յարութիւն եկեղեցի եկած էին հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ Ուքրանիոյ բոլոր տարածաշրջաններէն:
Հրաժեշտ տալու եկած էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, տեղւոյն իշխանութիւններու, Ուքրանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգորիս արք. Բունիաթեան իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 7 Մարտին, Խարքովի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.