
ՊԸՐՊԵՆՔ.- ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ գաղութիս բարերարներէն Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ ստանձնեցին շրջանի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնի փակ մարզադաշտի հովանաւորութիւնը: Կեդրոնը, իր մարզադաշտով, կը ծառայէ Պըրպենքի մէջ երիտասարդ սերունդի հետզհետէ բազմացող մարզական, մշակութային ու քաղաքական կարիքներուն: Հայութեան բազկերակը դարձող այս կեդրոնը գրաւականն է մեր վերընձուղման եւ հայապահպանման:
Ի մասնաւորի այս պատմական թուականին՝ Ապրիլ 2015ին, երբ համայն հայութիւնը կը յիշատակէ Մեծ Եղեռնի 100ամեակը, նոր սերունդին իբրեւ խաղավայր ծառայող այս դաշտը մեր գոյատեւման պայքարին յուշակոթողը պիտի դառնայ:
Մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 12, 2015ին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին: Կեդրոնի հասցէն է 75 East Santa Anita Avenue, Burbank:
Յիշենք, թէ սեփական կեդրոն ունենալու կոմիտէութեան երկար տարիներու երազը իրականացաւ, երբ 2010ին, շնորհիւ Թիմի եւ Սեդա Մարտիրոսեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան, Պըրպենքի մէջ գնուեցաւ այս նոր կեդրոնը: Այնուհետեւ, սկսան իրականանալու կեդրոնի շինարարական աշխատանքները, որոնք հանգրուանային ձեւով կ՛ամբողջանան:
Սեփական կեդրոնը կը վկայէ, թէ Պըրպենքի մէջ ունինք հետզհետէ ուռճացող հայկական գաղութ, մեծ թիւով հայ քուէարկողներ, քաղաքապետական կառոյցներու եւ քոլեճներու մէջ գործող հայ ներկայացուցիչներ, որոնց աշխատանքները վարելու լաւագոյն վայրն է այս նոր կեդրոնը՝ իր բազում կարելիութիւններով:
Ապրիլ 12ին, գաղութի հայութիւնը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու փակ մարզադաշտի բացման արարողութեան եւ ծանօթանալու հայաշունչ այս կեդրոնի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն: