ԵՐԵՒԱՆ.– Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Կրանթ Թորնթոն»ի հրապարակած հետազօտութեան համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 29 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն։
Այս ցուցանիշը աւելի ցած է 2014ին հրապարակուած արդիւնքներէն, երբ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 35 տոկոսը կիները կը զբաղեցնէին։ Բայց եւ այնպէս այս տարուան ցուցանիշը բարձր է վերջին 5 տարուան ընթացքին արձանագրուած միջին արդիւնքէն: Այսպիսով, Հայաստան կը պահէ իր դիրքերը աստիճանաւորման լաւագոյն տասնեակին մէջ՝ գրաւելով 8րդ հորիզոնականը:
Կանանց աշխատանքային կարգավիճակին վերաբերեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ կիները աշխոյժ դերակատարութիւն ունին ղեկավար պաշտօններուն վրայ: Հարցախոյզին մասնակցած երկիրներու միջազգային վարկանշային աղիւսակին մէջ անոնք կը գրաւեն տասնեակի առաջին 7 հորիզոնականները՝ Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ:
«Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին համաշխարհային գործարար ասպարէզին մէջ կիներուն թիւի միայն աննշան աճ արձանագրուած է բարձր ղեկավար օղակներուն մէջ, ինչ որ առիթ կու տայ վերստին անդրադառնալու կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի սահմանման անհրաժեշտութեան», նշ-ուած է հետազօտութեան մէջ:
Հետազօտութեան համաձայն՝ բարձրագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է Ռուսիոյ մէջ, ուր ղեկավար պաշտօններուն 40 առ հարիւրը կիները կը զբաղեցնեն, թիւ մը, որ գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ համաշխարհային միջին ցուցանիշը (22 տոկոսը): Տարածաշրջանի բարձր ցուցանիշ ունեցող յաջորդ հինգ երկիրներն են Վրաստանը (38 առ հարիւր), Լեհաստանը (37 առ հարիւր), Լաթվիան (36 առ հարիւր), Էսթոնիան (35 առ հարիւր) եւ Լիթվանիան (33 առ հարիւր):
Համաշխարհային մակարդակի վրայ ղեկավար պաշտօններուն 22 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն, ինչ որ քիչ մը աւելի բարձր է համեմատելով 2004ին (19 առ հարիւր), սակայն աւելի ցած է նախորդ տարի արձանագրուած 24 տոկոս արդիւնքէն: Աղիւսակի վերջին հորիզոնականին վրայ է Ճափոնը, ուր կիները կը զբաղեցնեն ղեկավար պաշտօններուն 8 առ հարիւրը միայն։ Ճափոնին կը յաջորդեն Գերմանիան (14 առ հարիւր) եւ Հնդկաստանը (15 առ հարիւր)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.