Փառատօնի ծիրին մէջ Մարտ 3ին տեղի ունեցաւ «Մոռացութեան 100 տարիներ» խորագիրով համերգը, որուն կը մասնակցէին երգիչ-երաժիշտներ Հայաստանէն, Նորուեկիայէն, Թուրքիայէն եւ Իրանէն: Փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի «Զառ» թատրոնի «Արմինէ՛, Քոյր» թատերական ներկայացումը, լեհ լուսանկարիչ Մակտալենա Մատրայի «Պատկերներ Անատոլիայէն» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, շուէտահայ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս Դաջուածքները» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը, «Աշխարհի կողմէ մոռցուածը. Արեւմուտքի ընտրովի յիշողութիւնը» թեմայով քննարկում՝ Լոնտոնէն «Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն Արա Սարաֆեանի, Օսլոյէն «Սիւիտա» քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի փորձագէտ Պորտ Լարսընի եւ լրագրող Սեպինա Սկատուիկի մասնակցութեամբ:
«Red Zone»ը փառատօն է, որ կ՛ընդգծէ խօսքի ազատութեան արտայայտումը արուեստի միջոցով՝ ցոյց տալով արուեստի ուժը, լոյս սփռելու մարդկութեան պատմութեան մոռացութեան խաւարին վրայ եւ դատապարտելու անցեալին տեղի ունեցած յանցագործութիւններու ժխտողականութիւնը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի հերթականօրէն Օսլոյի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ: Փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունենաւ Օսլոյի մէջ 2013ին, այնուհետեւ՝ Պէյրութի եւ Գահիրէի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.