ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014ին Հայաստանի մէջ ռուս սահմանապահները աւելի քան 60 սահմանախախտ ձերբակալած են: 6 Մարտին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանային վարչութեան պետ Վեաչեսլաւ Փիրիւքով: Անոր համաձայն՝ պետական սահմանը հատելու ատեն աւելի քան 1500 հոգիի մօտ կային փաստաթղթային սխալներ: Աւելի քան 250 անձի թոյլ չէ տրուած հատել սահմանը՝ տարբեր իրաւախախտումներու պատճառով, առգրաւուած է աւելի քան 75 միաւոր զէնք, 20 դրամի մաքսանենգուած ապրանք: «Ես կը կարծեմ, թէ մենք յաջողութեամբ կը կատարենք մեր առաջադրանքը», հաստատած է Փիրիւքովը: Սահմանային վարչութեան պետը նաեւ յայտնած է, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին կանխուած են պետական սահմանի ապօրինի հատման եւ մաքսանենգ ապրանք տեղափոխելու դէպքեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.