
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գերլորձնահոսութիւն (sialorrhea, hypersalivation, ptyalism) կը նշանակէ լորձունքի առատ արտադրութիւնը լորձնագեղձերու կողմէ: Անիկա կը յառաջանայ զանազան հիւանդութիւններու կամ ախտապատճառներու հետեւանքով:
Գերլորձնահոսութեան մասին խօսելէ առաջ, ամփոփ ձեւով պիտի անդրադառնանք լորձնագեղձերու եւ լորձունքի արտադրութեան մասին:
Լորձունքը կ՛արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ: Բնական պայմաններու մէջ անիկա շարունակ կ՛արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերանին մէջ:
Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերանին մէջ գտնուած լորձունքը:
Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzyme), որ կ՛օգնէ հացահատիկներու-օսլայի (starch) լուծումին բերանին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան։
Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերանին մէջ: Այս գեղձերը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր:
Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնալորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):
Ունկնալորձնագեղձերը երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ:
Ենթածնօտային լորձնագեղձերը նոյնպէս երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին ետեւն ու տակը:
Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ:
Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքի ամբողջ տարածքին:
Լորձունքը ունի հիմնական դերեր.
1. Անիկա կ՛օգնէ մարսողութեան: Նախնական մարսողութիւնը կը սկսի բերանին մէջ լորձունքին մէջ գտնուող ամիլէյզ խմորիչին միջոցաւ.
2. Անիկա կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերանի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերանի չորութեան: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի դիւրաւ խօսինք, ծամենք եւ կլլենք.
3. Կը չէզոքացնէ բերանին մէջ գտնուող մանրէները, սունկերը եւ աւելորդ հիւթերը.
4. Կը պաշտպանէ ակռաները փտումէ (decay).
5. Կը վնասազերծէ (neutralize) բերանի թթուն.
6. Կ՛օգնէ բերանի վէրքերուն շուտափոյթ ախտահարման եւ բերանի մակերեսի վերակազմութեան (regenerate).
Գերլորձնահոսութիւն կը յառաջանայ հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներով:
Հիմնական ախտապատճառներն են՝
1. Լորձնագեղձերու սուր եւ երկարատեւ-մնայուն մանրէական եւ ժահրային բորբոքում.
2. Լորձնագեղձերու գերծաւալում՝ անորոշ պատճառներով:
Երկրորդական ախտապատճառներն են՝
1. Գրգռիչ պատճառներ.
– Երկարատեւ ծամոնի գործածութիւն.
– Որոշ կերակուրներու համը եւ հոտը.
– Որոշ դեղեր.
– Թունաւոր մետաղներ՝ սնդիկ, կապար եւ զարիկ (arsenic).
– Միջատասպան թոյներ.
– Լինտաբորբ (gingivitis) եւ բերանի զանազան բորբոքումներ-խոցեր:
Այս բոլորը կը գրգռեն լորձնագեղձերը եւ պատճառ կը դառնան լորձունքի առատ արտադրութեան:
2. Յղութիւն.
3. Կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակ՝ կատղախտ (rabies) եւ լուսնոտութիւն (epilepsy):
Լորձունքը արտաթորուելէ ետք լորձնագեղձերուն մէջ, կը հոսի լորձնագեղձերու ծորաններէն եւ կը հասնի բերան: Սովորաբար եւ անգիտակցաբար բերանին մէջ գտնուած լորձունքը մենք կը կլլենք: Յաճախ լորձունքը կը կուտակուի բերանին մէջ: Այս մեկը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններով՝
1. Կլլելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
– Նշկաբորբ (tonsillitis), որկրաբորբ (esophagitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), մակալեզուակի բորբոքում (epiglotitis).
– Բերանի քիմիադարմանում (chemotherapy).
– Նեարդային որոշ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ բարքինսընզի հիւանդութիւն (parkinson՛s disease), զօրաւոր մկանաթուլութիւն (myasthenia gravis).
– Որկորի ընդոծին խցում եւ կերակրափողի լաւորակ ու վատորակ ուռեր։
2. Ծնօտի կոտրուածք եւ վնաս.
3. Դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis):
Լորձունքի բերանէն դուրս հոսիլը կը կոչուի բերանալորձնավազք կամ բերանալորձնահոսք (drooling): Անիկա կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին եւ անբնական երեւոյթներով՝
1. Գերլորձնահոսութիւն, որուն մասին վերը խօսեցանք.
2. Բերանին մէջ լորձունքը պահելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
– Շրթունքներու մկանային տկարութիւն.
– Դէմքի մկաններու տկարութիւն եւ անդամալուծութիւն.
– Լեզուի շարժումներու նուազում եւ անդամալուծութիւն.
– Ընդոծին (congenital) եւ ոչ-ընդոծին լեզուի գերծաւաում.
– Ակռաներու յոռի նստուածք (malocclusion).
– Քիթի խցում (այս հինգ պատճառներով բերանը մշտապէս կը մնայ բաց եւ հոն կուտակուած լորձունքը կը հոսի բերանէն դուրս).
– Ուղեղային թերաճութիւն.
– Նեարդային կեդրոնական համակարգի որոշ հիւանադութիւններ.
– Ուղեղային կաթուած, (stroke):
Լորձունքի կուտակումը բերանին մէջ կրնայ յառաջացնել լորձունքի ներխուժում խռչափողէն ներս եւ այնտեղէն՝ թոքեր, ինչպէս նաեւ թոքատապ։
Երկարատեւ բերանալորձնավազքի հետեւանքով տեղի կ՛ունենան կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Շրթունքներու եւ բերանի շուրջի մորթի մաշում եւ բորբոքում.
2. Մարմնական ընդհանուր ջրանուազում.
3. Բերանի գարշահոտութիւն.
4. Հոգեբանական-զգացական խանգարումներ՝ ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն, առանձնութիւն եւ ընկերային կեանքի խզում:
Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի ախտաճանաչումը ինքնին բացայայտ է: Սակայն պէտք է ախտաճանաչուին անոնց ախտապատճառները, որպէսզի յարմարագոյն դարմանումի ձեւը որդեգրուի։
Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ դարմանելով անոնց ախտապատճառները: Սակայն մինչեւ ախտապատճառներուն ախտաճանաչումը, գոյութիւն ունին կարգ մը դարմանամիջոցներ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ, ինչպէս՝
1. Որոշ դեղեր, որոնք կը նուազեցնեն լորձունքի արտադրութիւնը լորձնագեղձերուն մէջ.
2. Գերգործող լորձնագեղձերու Ք ճառագայթային դարմանում.
3. Լորձնագեղձերու վիրահատում կամ անոնց ծորաններու (tubes) մասնակի ծորանակապում (tube ligation):