Հանդիպումներուն ընթացքին տասնեակ հայ գործարարներու ներկայացուած են «Արցախ Ռուց Ինվեսթմըն»չի (ԱՌԻ) ծրագիրները, որոնք կը միտին Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ խթանելու գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացումը: Վարչապետը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Արցախի մէջ «ԱՌԻ»ի վեցամեայ գործունէութիւնը՝ կարեւոր նկատելով անոր դրամագլուխը մեծցնելը։ Ան կատարուած ծրագիրներէն առանձնացուցած է յատկապէս գիւղատնտեսական փոքր վարկերու տրամադրումը եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ 50 բնակարաններու կառուցումը, որ տակաւին ընթացքի մէջ է:
Ա. Յարութիւնեան յորդորած է ներդրողները՝ գործօն մասնակցութիւն ունենալու ընկերութեան ծրագիրներուն մէջ, որոնք կ՛իրականացուին «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ի եւ «Արցախի ներդրումային հիմնադրամ»ի միջոցով: Ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ գործարարներու հետ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «ԱՌԻ»ի ներդրումային ֆոնտի հզօրացման եւ ներդրողներու թիւի բարձրացման։
Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպաններուն եւ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ: Քննարկուած են համագործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները եւ այս առնչութեամբ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են։ Ա. Յարութիւնեան նաեւ այցելած է Քուէյթի Ազգային վարժարան, ծանօթացած կառոյցի պատմութեան ու կարելիութիւններուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայապահպանման իմաստով կրթարանին կատարած կարեւոր աշխատանքին համար՝ խոստանալով աջակցիլ Արցախի կրթօճախներուն եւ վարժարանին միջեւ կապերու հաստատման:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Բախշիյեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Այցելութեան ընթացքին «Արցախ Ռուց ԻնվեսթմընԹ»ը կը ներկայացնէին պատուաւոր տնօրէն Սուրէն Սարգսեան, խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ «ԱՌԻ»ի խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.