ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող օտարներուն թիւը մեծապէս նուազած է: Ըստ ատրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան, այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիմքեթ Հաճիեւը համոզում յայտնած է այն մասին, որ, հակառակ այդ հանգամանքին, Հայաստանը «վիճակագրական մեթոտներով» կը փորձէ այլ պատկեր ներկայացնել:
Պաքու նստած ատրպէյճանցի պաշտօնեան, մինչդեռ, «վերլուծութիւններ»ու շնորհիւ ճշդած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելողներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներ են: «Սեւ ցանկ»ով աշխարհին յայտնի Ատրպէյճանը նաեւ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելուներուն թիւի անկումը մեծապէս պայմանաւորուած է «Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած շարք մը քայլերով»:
«Թերեւս պարոն Հաջիեւը թուաբանութեան հետ խնդիրներ ունի», «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն՝ յիշեցնելով, որ 2013ին, երբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջին անգամ հրապարակեց «իր տխրահռչակ սեւ ցուցակը», անոր մէջ ներառուած էր 335 անձ, մինչդեռ այս տարի ցանկին մէջ, նոյնինքն Հաճիեւի համաձայն, արդէն 435 անուն կայ:
«Այս պարզ հաշուարկը գալիս է հերքելու Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարարութեան ներկայացուցչի մտացածին եզրայանգումները», յայտնած են մամլոյ ծառայութենէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.